Թիֆ­լի­սի «­­Քա­րո­ւաս­լա» Պատ­մու­թեան Թան­գա­րա­նին մէջ, Մա­յիս 18-­­Յու­նիս 19, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «­­Սեր­գէյ Փա­րա­ջա­նով – XXI դա­րու ե­րա­զ» ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Այդ մա­սին ծա­նու­ցո­ւած է ձեռ­նար­կի Facebookի պաշ­տօ­նա­

կան է­ջին մէջ: «­­Ցու­ցա­հան­դէ­սը կը ներ­կա­յաց­նէ multimedia installation-collagen, որ կը միա­ւո­րէ ցու­ցաս­րա­հին տա­րա­ծու­թիւ­նը` ա­ռաս­պել­նե­րու, խո­հա­ծու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­ծու-ար­տա­ցո­լում եւ յի­շո­ղու­թիւն­ներ՝ բե­մադ­րիչ ու նկա­րիչ Սեր­գէյ Փա­րա­ջա­նո­վի մա­սին, որ ծնած է Թիֆ­լիս եւ մայ­րա­քա­ղա­քի պատ­մու­թեան ան­կապ­տե­լի մասն է»,- ը­սո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: Ցու­ցա­հան­դէ­սին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը` Քիե­ւի Ե­րազ­նե­րու Թան­գա­րա­նի հիմ­նա­դիր­ներ, հո­գե­վեր­լու­ծա­բան­ներ Վիք­թո­րիա Դա­նիէ­լեա­նի եւ Թա­թիա­նա Ցո­ւե­լո­տու­պի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ո­րո­շած են տալ մեծ վար­պե­տին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ի­րենց մեկ­նա­բա­նու­մը:

«Ան­ցեալ դա­րու ա­րո­ւես­տի կեդ­րոն­նե­րը, Թիֆ­լի­սի Պատ­մու­թեան Թան­գա­րա­նի ֆոն­տին ար­խի­ւը, դի­ման­կար-լու­սան­կար­նե­րը, շար­ժան­կա­րա­յին հար­թակ­նե­րը, շար­ժանկար­նե­րու պաս­տառ­նե­րը, շար­ժան­կար­նե­րու յե­տա­հա­յեաց ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի բա­ցա­յայ­տեն Սեր­գէյ Փա­րա­ջա­նո­վի կեան­քի մա­սին ա­ռաս­պել­նե­րու մթնո­լոր­տը»,- կ­­՚ա­ւելց­նէ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը: Ցու­ցա­հան­դէ­սին, ըստ «­­Նովս­տի Կ­րու­զիա»ի, պի­տի ներ­կա­յա­ցուին աշ­խա­տանք­նե­րը Փա­րա­ճա­նո­վի այն ըն­կեր­նե­րուն, լու­սան­կա­րիչ­նե­րուն եւ գե­ղան­կա­րիչ­նե­րուն, ո­րոնք ո­գեշնչո­ւած են Սեր­գէյ Փա­րա­ջա­նո­վի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ: Ծ­րա­գի­րը պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի Վ­րաս­տա­նի մշա­կոյ­թի եւ յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Թիֆ­լի­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու կեդ­րո­նի օ­ժան­դա­կու­թեամբ: