­­­Ի­րա­նի նա­խա­գահ ­­Հա­սան ­­Ռո­հա­նի, ­­Թեհ­րա­նի մօտ ­­Հա­յաս­տա­նի նո­րանշա­նակ դես­պան Ար­տա­շէս ­­Թու­մա­նեա­նի հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, կոչ ուղ­ղած է ըն­դար­ձա­կե­լու եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թեանց ծի­րը։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «­­­Ֆարս» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը։ «­­­Թեհ­րա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման հա­մար ոչ մէկ խո­չըն­դոտ կայ»,- հաս­տա­տած է նա­խա­գա­հը, 12 ­­Մա­յի­սին ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին։ Ան նաեւ յայ­տա­րա­րած է, որ Ի­րան ու ­­Հա­յաս­տան մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րի­նա­կե­լի մա­կար­դակ ու­նին: Ի­րա­նի նա­խա­գա­հը նաեւ յոյս յայտ­նած է, որ Ի­րա­նի եւ ­­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ­’ըն­դար­ձա­կո­ւին եւ կ­’ամ­րապն­դո­ւին ա­ռա­ւել եւս՝ ­­Թեհ­րա­նի մօտ ­­Հա­յաս­տա­նի նոր դես­պա­նի նշա­նա­կու­մով։

Իր կար­գին դես­պան Ար­տա­շէս ­­Թու­մա­նեան հաս­տա­տած է, որ կա­րե­լին պի­տի ը­նէ, որ­պէս­զի հայ-ի­րա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը յա­ւե­լեալ թափ ստա­նան ու ամ­րապն­դո­ւին։ Ան վստա­հե­ցու­ցած է, որ ­­Հա­յաս­տան ու Ի­րան պատ­րաստ են ընդ­լայ­նե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րը։