Իր մաս­նա­գի­տա­կան նո­ւա­ճում­նե­րուն հա­մար, գա­նա­տա­հայ բե­մադ­րիչ Ա­տոմ Է­կո­յեան ար­ժա­նա­ցած է Գա­նա­տա­յի բարձ­րա­գոյն պար­գե­ւին: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Աս­պա­րէ­զ» օ­րա­թեր­թը։

Բա­ցի Է­կո­յեա­նէն՝ պար­գե­ւի ար­ժա­նա­ցած է չորս ա­րո­ւես­տա­գէտ եւս.- եր­գա­հան ու նո­ւա­գա­վար Ո­ւոլ­թըր Պոտ­րօ, դե­րա­սա­նու­հի Տիա­նա Լեպ­լան, եր­գիչ ու եր­գա­հան Սա­րա Մք­լաչ­լան եւ դե­րա­սան ու բե­մադ­րիչ Առ, Էյչ Թոմփ­սըն:

Մր­ցա­նա­կա­կիր­նե­րը նաեւ պի­տի ստա­նան 25.000ա­կան տո­լար:

Պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը պի­տի կա­յա­նայ Մա­յիս 29ին, Օ­թաո­ւա­յի մէջ: