Ա­պա­հո­վա­կան բազ­մա­պի­սի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն կող­քին, սու­րիա­հայն ու յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յը կը դի­մագ­րա­ւեն տնտե­սա­կան լուրջ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ:

Հա­լէ­պի «­Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թը կը գրէ, որ Հա­լէպ բնա­կո­ղը ան­գոր­ծու­թեան եւ սղա­ճի բե­րու­մով դժո­ւա­րու­թեամբ կ­՛ա­պա­հո­վէ իր օ­րա­պա­հի­կը: Հա­լէ­պէն դուրս գալ փա­փա­քող­նե­րը սու­րիա­կան թղթոս­կիի հա­մե­մա­տա­կան ան­կու­մին հե­տե­ւան­քով մեծ գու­մար­ներ կը յատ­կաց­նեն նախ Լի­բա­նան մտնե­լու, ա­պա Հա­յաս­տան մեկ­նե­լու պա­րա­գա­յին օ­դա­նա­ւի տոմս ա­պա­հո­վե­լու հա­մար:

Լի­բա­նան կե­ցու­թիւ­նը եւս ծախ­սա­լից է, իսկ հա­րա­զատ­նե­րու մօտ ա­պաս­տան գտնե­լը ժա­մա­նա­կա­ւոր հանգրուան, ո­րով­հե­տեւ լի­բա­նան­ցիին հա­մար եւս ապ­րուս­տը դժո­ւար է:

Հա­յաս­տան հանգ­րո­ւա­նող սու­րիա­հա­յը բնա­կա­րան ա­պա­հո­վե­լու, աշ­խա­տանք գտնե­լու եւ ըն­դու­նե­լի կեն­սա­մա­կար­դա­կով ապ­րե­լու մտա­հո­գու­թիւ­նը կ­՛ապ­րի, յատ­կա­պէս երբ բազ­ման­դամ ըն­տա­նիք ու­նի: