Այդ յօդուածին մէջ տեղ գտած «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութեան պատճառով ալ գրքոյկը արգիլուած է, քանի որ Ցեղասպանութեան յիշատակումը քննադատութեան արժանացած է ցուցադրութեան հովանաւոր Թուրքիոյ արտաքին գործոց եւ մշակոյթի նախարարութեանց, ինչպէս նաեւ թրքական տաղաւարին աջակցողներու կողմէ: Նշենք, որ Ռաքէլ Տինք իր յօդուածին մէջ կը պատմէ ամուսինին` 2007ին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած հայ լրագրող Հրանտ Տինքի մասին: «Սա այնքա՜ն մեծ վիշտ է: 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան վիշտը, բոլոր անգերեզման եւ անյիշատակ կորուստներու վիշտը միաւորուեցան եւ վիշտն ալ աւելի անսահման դարձաւ»: Սարգիս ու ցուցադրութեան համակարգող Տեֆնէ Այաս գտած են այլընտրանքային տարբերակ. անոնք չբաժնուած գրքոյկները ցուցադրութեան հանած են Վենետիկի մէջ` ուղղահայեաց կանգնեցուած «դագաղ»ի մէջ` այդպիսով արտայայտելով իրենց բողոքը գրաքննութեան դէմ։
Թուրքերը Պիենալէի մէջ խոչընդոտած են տարածումը այն գրքոյկին, ուր տեղ գտած է «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Մայիսին մեկնարկած 56րդ Վենետիկեան միջազգային Պիենալէի թրքական տաղաւարին մէջ, հայ արուեստագէտ Սարգիս ներկայացուցած է «Respiro» («շունչ») խորագրով ցուցադրութիւնը: Ըստ Ermenihaber.amի՝ թրքական «Cumhuriyet» պարբերականը կը հաղորդէ, որ այդ ցուցադ րութեան մասին անգլերէն եւ թրքերէն տարբերակներով պատրաստուած գրքոյկը ճգնաժամի պատճառ հանդիսացած է: Գրքոյկը, որ պէտք է բաժնուէր ցուցադրութեան բացման օրը` Մայիս 7ին, ընդգրկած է Ռաքել Տինքի հեղինակած յօդուածը: