Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրական սկզբունքներով բանաձեւը միաձայն ընդունուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվարական (սոցիալիստ) երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY) համաշխարհային Խոր հուրդի ժողովին:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ամփոփելով ժողովին արդիւնքները` այս մասին ըսած է ՀՅԴ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Արմէն Մխչեան:
«Այս բանաձեւը իրաւական ուժ չունի, սակայն հնարաւորութիւն կու տայ ընկերվարական կուսակցութիւններու երիտասարդութեան հաւատարիմ վերաբերմունք ունենալու Հայկական հարցին եւ Հայաստանի վերաբերեալ: Հետագային իրենց երկիրներուն մէջ ապագայ քաղաքական գործիչներ դառնալով ` անոնք կրնան ունենալ յստակ ձեւաւորուած հայաստանամէտ կարծիք եւ կրնան օժանդակել մեզ»,- ըսած է Արմէն Մխչեան: Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան անդամ Հուրի Պաղտասարեան, իր հերթին նշած է, որ համաժողովի ընթացքին ընդունուած էին տարբեր բանաձեւեր, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին ընկերվարութեան եւ երիտասարդութեան դերին, ինչպէս նաեւ միջպետական հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ հարցեր, որոնց շարքին էին պաղեստինա-իսրայէլական հիմնահարցը, գաղթականութեան խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1907թ. Պեռլինի մէջ եւ կը համախմբէ ու կը միաւորէ աշխարհի տարբեր ընկերվարական կուսակցութիւններու երիտասարդական թեւեր ու ընկերվարական ու ընկերվար-դեմոկրատական ուղղուածութեան կազմակերպութիւններ: Անիկա կը միաւորէ աւելի քան 100 երկրի 140 կազմակերպութիւն: