Մայիս 10ին Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան, եւ Լիբանանի «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբ»ի հովանաւորութեամբ, Octopusteam սուզորդներու ակումբը նախաձեռնեց հայկական խաչ մը դնել` Լիբանանի Ճիւնի շրջանի կողմը գտնուող Միջերկրական ծովու յատակին:

«Եռագոյն»ի աղբիւրներուն համաձայն` խաչը Միջերկրական ծով իջեցուած է Ճիւնիի թապարժայի  շրջանը 35 մ. խորութեամբ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին գետերու մէջ խեղդամահ եղած հայորդիներու, որոնք ջուր նետուեցան փախչելով թուրքերու ճիրաններէն։