Իր խօսքի վերջին կէտին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտը դրաւ հայկական պահանջատիրութեան վրայ՝ ըսելով.-«Անարդարութիւն գործուած է մեր ժողովուրդին դէմ: Հայ ժողովուրդը իր իրաւունքները կը պահանջէ: Արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է. մարդիկ չեն կրնար ուրիշներու իրաւունքները խլել: Մէկ ու կէս միլիոն հայու արիւնը թափած է, մեր ժողովուրդին կալուածները բռնագրաւուած են: Ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջենք, այլեւ՝ հատուցում: Ներումը քրիստոնէական հաւատքին մաս կը կազմէ. սակայն ներում կը շնորհուի, երբ Թուրքիան կ՛ընդունի ճշմարտութիւնը եւ այս ձեւով երկու ժողովուրդներու հաշտութեան առաջնորդող ճամբան կը բանայ»։ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը յաճախակի առիթներով ծափահարութիւններով ընդհատուեցաւ, իսկ աւարտին, ներկայ ժողովուրդը յոտնկայս ծափողջոյններով գնահատեց իր սրտի թարգմանը հանդիսացող Հայրապետին խօսքերը:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր է»
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
«Եթէ նոյնիսկ Ցեղասպանութիւն բառը միջազգային օրէնքի բառամթերքին մաս չէր կազմեր 1915ին, ապա այն, ինչ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին, օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ, ցեղասպանութիւն էր իր նպատակով եւ իր մեթոտներով. այլ խօսքով ոճիր՝ ընդդէմ մարդ կութեան»,-հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայիս 7ի երեկոյեան, Ուաշինկթընի Ազգային Մայր Տաճարին մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ երկու հազարէ աւելի ժողովուրդի ներկայութեան: Շարունակելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը երեք բառերով կարելի է բնորոշել՝ յիշել, յիշեցընել եւ պահանջել, ապա՝ ըսաւ. «Մենք յիշեցինք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները ու մի՛շտ պիտի յիշենք, որովհետեւ անոնք մեր ամէնօրեայ պայքարին ու ձգտումներուն մաս կը կազմեն: Նահատակները յիշել՝ կը նշանակէ աշխարհին յիշեցնել անոնց կտակը: Ցեղասպանութիւն մը կատարուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ: Լռութիւնը այլապէ՛ս ցեղասպանութիւն է: Միջազգային օրէնքին համաձայն՝ ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ, հետեւաբար՝ մարդկութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այս ոճիրին նկատմամբ»: