Արամ Ա. կաթողիկոս Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Ռոտ Այլընտէն ընտրուած ծերակուտական Ճեք Ռիտի եւ Դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտի հետ։
Ուաշինկթընի Ազգային Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միջ-կրօնական աղօթք, որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Արամ Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսները, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընը: Աղօթքին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Միացեալ Նահանգներու հազարաւոր քաղաքացիներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ օրէնսդիրներ: