Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Մայիս 6-ին, Նահատակներու օրուան առիթով իր ելոյթին, խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այս մասին կը յայտնէ սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը։
Պաշշար ալ Ասատ նշած է, որ 1915-ին սկսած եւ 1916-ին իր գագաթնակէտին հասած օսմանցիներու յանցագործութիւնները կը շարունակուին առայսօր: Հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը ձերբակալեց եւ կախաղան բարձրացուց մեծ թիւով սուրիացի ազգայնականներ, որոնք կը պաշտպանէին Սուրիոյ ժողովուրդը օսմանցիներու ոտնձգութիւններէն: Ոճրագործութիւնը տարածուեցաւ` ընդգրկելով միլիոնաւոր հայեր, արամէացիներ եւ այլ ազգեր, որոնք այն ժամանակ բնակած են Օսմանեան իշխանութեան տակ:
“Այսօր կը կրկնուին այդ յանցագործութիւնները նոյն կերպ, սակայն տարբեր անուններով ու գործիքներով”,- նշած է Ասատ` աւելցընելով, որ հարիւր տարի առաջ դահիճը Ճեմալ Փաշան էր, իսկ այսօր` Էրտողանը: Ասատի խօսքով Ճեմալ փաշայի հետեւորդը Էրտողանն է, որ կ’աջակցի Սուրիոյ մէջ գործող զինուած խմբաւորումներուն, որոնք տարբեր յանցագործութիւններ կ’իրականացնեն Սուրիոյ խաղաղ բնակչութեան դէմ: Նախագահը վստահօրէն շեշտած է, որ սուրիական բանակը պիտի յաղթէ պատերազմը: Ան խոստացած է ամրապնդել ուժերը Իտլիպ նահանգի մէջ, ուր թէժ մարտեր կ’ընթանան կառավարական ուժերու եւ “Ճէյշ ալ ֆաթհ” ծայրահեղական խմբաւորման միջեւ:
Նահատակներու օրուան առիթով՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ այցելած է ռազմական ուսումնարան, ուր ուսում կը ստանան զոհուած հերոսներու զաւակները: Նշենք, որ Ապրիլ 24-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հ. Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էր սուրիական պատուիրակութիւնը` Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուհամմատ Ճիհատ ալ Լահհամի գլխաւորութեամբ: