Վերջապէս, անոնք հանդիպում ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական յանձնախումբի անդամ եւ համալսարանի դասախօս Դոկտ. Ժան Սալմանեանի հետ, որ բացատրութիւն տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ու ցեղասպանութեան ետին կանգնող թրքական ցեղային եւ Օսմանեան Կայսրութեան Փանթուրանական քաղաքականութեան դրդապատճառներուն: Ան նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի հայ համայնքին եւ լիբանանեան ընկերութեան անոր բերած նպաստին ու դերակատարութեան: Աւարտին, հարց-պատասխաններու միջոցաւ, համալսարանականները առաւել եւս լուսաբանուեցան:
Լիբանանցի 60 քրիստոնեայ եւ իսլամ համալսարանականներ այցելեցին Մայրավանք
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Կիրակի, 3 Մայիս 2015ին, «Ատեան» (ADYAN) միջ-կրօնական լիբանանեան ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ՝ շուրջ 60 քրիստոնեայ եւ իսլամ համալսարանականներ հրաւիրուեցան Անթիլիասի Մայրավանք: Անոնք, այցելեցին վերանորոգուած եւ Ապրիլ 24ին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ օծուած Նահատակաց մատուռը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին յուշակութողն է, ուր նաեւ ամփոփուած են մեր մէկուկէս միլիոն սուրբերու նշխարներէն մաս մը, որպէս յուշարար Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի արդար դատին: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։ Ապա, համալսարանականները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը, ուր ցուցադրուած են Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած եկեղեցական իրեր եւ զգեստներ, մասնատուփեր, ձեռագիր մատեաններ, հնատիպ գիրքեր, խաչքարեր եւ այլ ազգային ու մշակութային արժէք ունեցող արուեստի գործեր: Թանգարանի տեսուչ Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեան լայն բացատրութիւն տուաւ խումբի անդամներուն, թէ ցուցադրուած իրերը ի՞նչ պայմաններու տակ փրկուած եւ ի մի բերուած են այս թանգարանին մէջ, որպէս կենդանի վկաներ մշակութային ցեղասպանութեան: