Ռու­սիա մտա­դիր է ընդ­լայ­նել սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու եւ ռազ­մա­սար­քե­րու մա­տա­կա­րա­րու­մը Թուր­քիոյ, ըստ civilnet.am-ի՝ յայ­տա­րա­րած է ռու­սաս­տա­նեան «­Ռո­սո­պո­րո­նէքս­փորթ» ըն­կե­րու­թիւ­նը: Մա­յիս 5-ին Ս­թամ­պու­լի մէջ կը մեկ­նար­կէ IDEF-2015 պաշտ­պա­նա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րուն ըն­թաց­քին ռու­սաս­տա­նեան պե­տա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տո­ւի թուրք գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու: «Այ­սօր Թուր­քիոյ շա­հե­րէն մեկ­նած` մենք կ­՛ի­րա­կա­նաց­նենք Մի-17 ռազ­մա­կան ուղ­ղա­թիռ­նե­րու սպա­սար­կում եւ պա­հես­տա­յին մա­սե­րու մա­տա­կա­րա­րում: Ա­սի­կա դեռ հիմ­նա­կանն է, սա­կայն մենք կ­՛աշ­խա­տինք Թուր­քիոյ մէջ ռու­սա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու եւ ռազ­մա­սար­քե­րու մատ­կա­րա­րում­նե­րու ընդ­լայն­ման ուղ­ղու­թեամբ»,- յայ­տա­րա­րած է ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:

IDEF-2015 մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին Ռուսիոյ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Ա­նա­թո­լի Աք­սե­նո­վի խօս­քով` «ա­սի­կա պաշտ­պա­նա­կան ո­լոր­տի մէջ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­պա­գան է»: Ռու­սաս­տա­նեան պե­տա­կան ըն­կե­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին մէջ կը նշո­ւի նաեւ, որ վեր­ջին զի­նո­ւած հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու վեր­լու­ծու­թիւ­նը հաշո­ւի առ­նե­լով` «­Ռո­սո­պո­րո­նէքս­փորթ»-ը ցու­ցա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին պի­տի ներ­կա­յաց­նէ նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րու կող­մէ ա­ռա­ւել պա­հան­ջո­ւած ռազ­մա­սար­քեր: