«Տէօ­չէ ­Վել­լէ» կը հա­ղոր­դէ, որ Եւ­րո­պա­կան դրաց­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նես ­Հան աւստ­րիա­կան «Ս­թան­տարտ» օ­րա­թեր­թին յայտ­նած է, որ

այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ ­Թուր­քիան կը մեր­ժէ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ հա­յե­րու կո­տո­րած­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ա­նուա­նել, կը դժո­ւա­րաց­նէ ա­նոր մուտ­քը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն:

Ըստ ա­նոր, ա­ռանձ­նա­յա­տուկ մտա­հո­գու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նէ այն փաս­տը, որ այդ­պի­սի դիր­քո­րո­շու­մը լի է եր­կա­րա­ժամ­կէտ բա­ցա­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րով: Ա­նոր կար­ծի­քով` մաս­նա­ւո­րա­բար ա­տի­կա կրնայ յան­գեց­նել հա­կաեւ­րո­պա­կան եւ հա­կաա­րեւմ­տեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու ա­ճի, ինչ որ իր կար­գին կրնայ յան­գեց­նել Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լու հո­լո­վոյ­թին բար­դաց­ման:

­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան կտրուկ քննա­դա­տու­թիւն ուղ­ղած էր եւ «վի­րա­ւո­րանք» ո­րա­կած ­Գեր­մա­նիոյ եւ Աւստ­րիոյ կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը:

Եո­հան­նես ­Հա­նի խօս­քով` այդ­պի­սի բուռն ար­ձա­գան­գը կը բա­ցատ­րո­ւի Յու­նի­սին ­Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րով: «Այդ­պի­սի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ա­ջակ­ցու­թիւն կը գտնեն երկ­րի շարք մը շրջան­նե­րուն եւ բնակ­չու­թեան ո­րո­շա­կի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ», ը­սած է Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի յանձ­նա­կա­տա­րը: