ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար հատուածի խորհրդարանին մէջ հայ պատգամաւոր Երուանդ Նիսանի կողմէ ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծին շուրջ քննարկումներ տեղի ունեցած են քաղաքական ուժերուն միջեւ:
Ըստ «Նիուզ»ի՝ Երուանդ Նիսան յայտնած է, որ իր ներկայացուցած օրինագիծին համար խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններէն ստորագրութիւն հաւաքած է:
Խորհրդարանի Քիւրտիստանի հայրենասէրներու միութիւնը (KYB) բացայայտ աջակցութիւն յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծին, սակայն Քիւրտիստանի ժողովրդավար կուսակցութիւնը (KDP) եւ Բարեփոխումներու շարժումը (Goran) նախընտրած են լուռ մնալ այս գծով: Քիւրտիստանի հայրենասէրներու միութենէն պատգամաւոր Ռեւաս Ֆայիք նշած է, որ ինք ստորագրած է օրինագիծի անցման համար եւ զայն ընդունիլը «սովորական բան մը պէտք է ըլլայ»: Անոր կուսակիցը՝ Մուհամմետ Ամիր Տերշեւի, նշած է, որ բոլորն ալ գիտեն, թէ հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են եւ շեշտած, որ Քիւրտիստանի ինքնավար հատուածի խորհրդարանը պէտք է նախաձեռնող ըլլայ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին հայ պատգամաւորին ներկայացուցած օրինագիծը 40 ստորագրութիւններով յանձնուած է խոր-հըրդարանի նախագահութեան: