Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող եւս 9 պատմամշակութային կոթողներու հետ ընդգրկուած է UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական

ցուցակին մէջ:
Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Taraftar» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ նշեալ եկեղեցին ճարտարապետական առումով միջնադարու հայկական արուեստի ամենավառ յուշարձաններէն մէկն է:
Ներկայացնելով եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝  կայքը կը գրէ, որ անիկա կառուցուած է 915-921 թուականներուն Գագիկ Առաջին թագաւորի հրամանով, իսկ ճարտարապետը եղած է Մանուէլը: Եկեղեցւոյ պատերը զարդարուած է հարթաքանդակներով, ուր պատկերուած են  բոյսեր, կենդանիներ եւ սուրբ գրային դրուագներ:
Թրքական լրատուամիջոցի համոզումով՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ընդգրկումը UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական  ցուցակին մէջ պիտի նպաստէ քաղաքին զբօսաշրջութեան զարգացման: Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Օմեր  Չելիքը ըսած է, որ իրեն շատ ուրախացուցած է  այդ փաստը: Ան միաժամանակ յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները թոյլ տուած են հայերուն Աղթամարի մէջ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցելու:
Ըստ Չելիքի՝ օտարերկրեայ  խորհրդարանները կը քաղաքականացնեն այն ցաւալի դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են  թուրքերու եւ հայերու միջեւ  ու ցաւ պատճառած են երկու կողմերուն ալ...: