Ապրիլ 23ին, Պերլինի Մայր տաճարին մէջ, մասնակցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան, Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք պատմութեան մէջ առաջին անգամ
ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած 1915ի հայկական ջարդերը բնորոշեց իբրեւ «Ցեղասպանութիւն»:
«Այդ հայերու ճակատագիրը պատմութեան մէջ զանգուածային ոչնչացման, ցեղային մաքրագործման, կոտորածի, այո, ցեղասպանութեան յստակ օրինակ է, որոնցմով 20րդ դարը կը յիշուի սարսափելի ձեւով: Այսպէս, մենք կը խօսինք հրեաներու Ողջակիզման հետ այս իրադարձութիւններու նմանութեան մասին», ըսաւ Գերմանիոյ նախագահը: