Ըն­կեր­վա­րա­կան Կի­նե­րու Միու­թիւ­նը անց­նող օ­րե­րուն հրա­պա­րա­կեց հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ո­րուն մէջ կը պա­հան­ջէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը։
Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ ըն­կեր­վա­րա­կան կնո­ջա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու վե­րոն­շեալ կա­ռոյ­ցը նաեւ կը շեշ­

տէ, որ հայ կի­նե­րը միայն ցե­ղաս­պա­նու­թեան չէ որ են­թար­կո­ւե­ցան, ա­նոնք են­թար­կո­ւե­ցան նաեւ «սե­ռաս­պա­նու­թեան», այ­սինքն ա­նոնց դէմ գոր­ծո­ւե­ցաւ նաեւ սե­ռա­յին սպա­նու­թիւն։ «Այն ազ­գե­րը, ո­րոնք պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու հետ ա­ռե­րե­սո­ւիլ չեն ու­զեր, ի­րենց ա­պա­գան կը կորսնց­նեն։ 1914 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ, Վա­նէն մին­չեւ Իզ­միր, Սե­բաս­տիա­յէն մին­չեւ Սամ­սոն, ամ­բողջ Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ հա­յե­րու ա­րիւ­նը հո­սե­ցաւ, ա­նոնց ինչ­քե­րը թա­լա­նուե­ցան, կի­ներն ու մա­նուկ­նե­րը ա­ռե­ւան­գո­ւե­ցան, կի­նե­րը բռնա­բարուե­ցան։ Այս բո­լո­րը մե­զի միայն հա­րիւր տա­րի ա­ռա­ջո­ւա­նը չեն յի­շեց­ներ, ա­նոնք մե­զի կը յի­շեցը­նեն նաեւ մեր մօ­տիկ ան­ցեա­լը»,- գրո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ։ Միու­թիւ­նը ման­րա­մաս­նօրէն կը նշէ նաեւ, թէ ինչ­պէ՛ս հայ կի­նե­րը ա­ռե­ւան­գո­ւե­ցան, գե­րի­նե­րու նման վա­ճա­ռո­ւե­ցան շու­կա­նե­րու մէջ, եւ թէ ինչ­պէ՛ս մօ­տա­ւո­րա­պէս 200 հա­զար հա­յու­հի­ներ բռնի կեր­պով իս­լա­մա­ցո­ւե­ցան։ Հա­զա­րա­ւոր կի­ներ ալ ընտ­րե­ցին անձ­նաս­պա­նու­թեան ճամ­բան։ Ըն­կեր­վա­րա­կան Կի­նե­րու Միու­թիւ­նը հա­յե­րէն նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրէ եւ թուրք պե­տու­թիւ­նը կը հրա­ւի­րէ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու։