Ապրիլ 19ի առաւօտեան, Թորոնթոյի QUEEN՚s PARK հրապարակին վրայ, կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած «Միասնութեան Քայլարշաւ»ը, որուն մասնակցեցան հազարա ւոր հայորդիներ, Դաշնակցային, Նահանգային եւ Քաղաքապետական պաշտօնական դէմքեր։ Խօսք առին Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի, Օնթարիոյի նահանագապետ՝ Քաթլին Ուին, քաղաքապետներ Ճոն Թորի եւ Ֆրանք Սքարփիթթի, Գանատայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կարտինալ Արքեպիսկոպոս Թոմաս Քոլինզ եւ Գանատայի մօտ Հ.Հ. դեսպան Արմէն Եգանեան, որոնք դատապարտեցին հարիւր տարի առաջ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած եղեռնագործութիւնը։
Հաւաքին մասնակցեցան նաեւ հրեայ, ասորի, պոնտացի, ռուանտացի, կիպրացի եւ քիւրտ համայնքներու ներկայացուցիչներ: Օրուան պատգամաբերն էր բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան։
Metropolitan United Churchի մէջ տեղի ունեցաւ միջ-յարանուանական արարողութիւն, որուն պատարագեց եւ քարոզեց Կարտինալ Քոլլինզ:
«Միասնութեան Քայլարշաւ»ը խափանելու եկած 50 թուրքերու հակահայ կանչերը իրենց նպատակին չհասան, որպէսզի խանգարեն 5000 հայորդիներու պահանջատիրական քայլարշաւը: