Ապրիլ 7-ին Պոսնիա եւ Հերցեգովինայի մէջ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեան (նստավայրը՝ Աթէնք) այցելեց Պոսնիա եւ Հերցեգովինա, ուր դեսպանին ընդունեց Սերպական Հանրապետութեան նախագահ Միլորադ Դոդիկ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային վերջին զարգացումները, երկկողմ համագործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ:
Դեսպան Ղալաչեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սերպական Հանրապետութեան վարչապետ Ժելկա Ցվիյանովիչի հետ: Քննարկուեցան առեւտուրի, տնտեսութեան, մշակոյթի եւ կրթութեան բնագաւառներուն համագործակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարները: