Չինաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով յիշատակի օրեր կ’ընթանան:
Ինչպէս NEWS.amը կը տեղեկացնէ՝ վկայակոչելով «Հայաստանի գաղտնիքներ» նախագիծի մամլոյ կեդրոնը, Ապրիլ 21-25 Չինաստանի Նանճինկ եւ Տեանցզին քաղաքներու յառաջատար համերգասրահներուն մէջ, հայ դասական երաժշտութեան երեկոներ պիտի կայանան` նուիրուած 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Համերգներու ծրագիրին մէջ պիտի հնչեն հայ երգահաններ Կոմիտասի, Խաչատրեանի, Բաբաջանեանի, Աբրահամեանի, Բաղդասարեանի, Ամիրխանեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները:
Համերգներուն ներկայ պիտի գտնուին Հայաստանի եւ Չինաստանի պաշտօնական անձիք, դիւանագէտներ եւ հասարական գործիչներ:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներն են Միքայէլ Հայրապետեանի «Հայաստան գաղտնիքներ» նախագիծն ու Չինաստանի հայկական համայնքը` CHINAHAYը։