Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան «­Նոր Սե­րունդ» ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­ժու­մի տղա­քը Ապ­րիլ 4-ի յետ­մի­ջօ­րէի ա­ռա­ջին ժա­մե­րուն գա­ցած են Լիո­նի Ան­թո­նէն Փոն­սէ հրա­պա­րա­կը, ար­դա­րու­թիւն եւ հա­տու­ցում պա­հան­ջե­լու՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Ա­պա, «­Նոր Սե­րունդ»ա­կան­նե­րը հոն­կէ ան­ցած են քո­վի Պէլ­քուռ հրա­պա­րա­կը ուր պար­զած են «Genocide armenien, 100 ans, justice et reparations «AGJR» ար­ձա­նագ­րու­թեամբ պաս­տառ մը։ Այդ պա­հուն, ոս­տի­կա­նու­թեան տաս­նեակ մը կառ­քեր հոն փու­թա­ցած են զա­նոնք ձեր­բա­կա­լե­լու հա­մար։

Այս առ­թիւ հրա­պա­րա­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մը մէջ «­Նոր Սե­րունդ» կը դա­տա­պար­տէ ա­պա­հո­վու­թեան ու­ժե­րուն այս ան­տե­ղի եւ չա­փա­զան­ցեալ մի­ջամ­տու­թիւ­նը։

Յի­շեց­նե­լէ ետք թէ Ան­թո­նէն Փոն­սէ հրա­պա­րա­կին վրայ գտնո­ւող Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նը ցե­ղա­պաշ­տա­կան բնոյ­թի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով պղծո­ւե­ցաւ դեռ հա­զիւ քա­նի մը օր ա­ռաջ, «­Նոր Սե­րունդ» կը յայտ­նէ իր վրդո­վու­մը ու կ­՚ը­սէ, թէ մինչ այդ ա­րար­քին հե­ղի­նակ­նե­րը, հա­կա­ռակ նշեալ հրա­պա­րա­կին վրայ զե­տե­ղո­ւած հսկո­ղու­թեան տե­սախ­ցիկ­նե­րուն, չեն ձեր­բա­կա­լո­ւած եւ կը շա­րու­նա­կեն մնալ ան­պա­տիժ, ան­դին՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չու­մին քա­նի մը օր մնա­ցած, Հայ Դա­տի ի նպաստ ցոյց կա­տա­րող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը ձեր­բա­կա­լո­ւին եւ ան­ուղ­ղա­կի կեր­պով կ­՛ամ­բաս­տա­նո­ւին թուրք պե­տու­թիւ­նը նա­խա­տե­լու յան­ցան­քով։

Հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը կ­՚եզ­րա­փա­կո­ւի Թուր­քիոյ ուղ­ղո­ւած վճռա­կա­մու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, նշե­լով, որ այն­քան ա­տեն որ այդ պե­տու­թիւ­նը պի­տի չհա­տու­ցա­նէ իր կա­տա­րա­ծին հա­մար, հան­գիստ պի­տի չու­նե­նայ։

Կապ հաս­տա­տե­ցինք «­Նոր Սե­րունդ»ի նա­խա­գահ Լօ­ռիս Թու­ֆա­նեա­նի հետ, որ մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ ձեր­բա­կա­լո­ւած տղա­քը ոս­տի­կա­նա­տան մէջ՝ հսկո­ղու­թեան կարճ շրջա­նէ մը ետք, ա­զատ ար­ձա­կո­ւած են։ Միայն թէ այդ հսկո­ղու­թիւ­նը ե­ղած է բան­տար­կու­թեան ձե­ւով, ի­րա­ւա­բա­նա­կան օ­րէնք­նե­րու ամ­բող­ջա­կան ան­տե­սու­մով։ Զա­նոնք ի­պահ վար դնե­լու ոչ սկիզ­բի եւ ոչ ալ ա­ւար­տի ար­ձա­նագ­րու­թիւն կա­տա­րո­ւած է, ինչ­պէս կը տնօ­րի­նէ օ­րէն­քը։ Յա­ւե­լեալ՝ զննո­ւած է ա­նոնց առ­ձեռն հե­ռա­ձայն­նե­րու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, ինչ որ ընդ­հան­րա­պէս ա­հա­բե­կիչ­նե­րու հար­ցաքն­նու­թեան վե­րա­պահո­ւած գոր­ծե­լա­ձեւ է։