Լի­բա­նան պե­տա­կան մա­կար­դա­կով ներ­կայ կը գտնո­ւի Ապ­րիլ 24ին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ու կը յար­գէ ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը: «Ար­մէնփրես»ի հետ զրոյ­ցին ընթացքին ը­սաւ Լի­բա­նա­նի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւող «Ազ­դակ» օ­րա­ թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րը հա­մա­կար­գող Լի­բա­նա­նի յանձ­նա­խում­բի փոխ-ա­տե­նա­պետ Շա­հան Գան­տա­հա­րեան: Արդադեւ, Լի­բա­նա­նէն Ե­րե­ւան կը ժա­մա­նեն երկ­րի օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր մար­մին­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը: «Ապ­րիլ 24ին Ե­րե­ւան կ’այ­ցե­լէ Լի­բա­նա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան 4 հո­գի­նոց պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, ո­րուն կազ­մին մէջ են Ար­տա­քին Գոր­ծոց եւ Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար­նե­րը: Բա­ցի գոր­ծա­դիր մար­մի­նէն, Ե­րե­ւան կ’այ­ցե­լէ նաեւ խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը` Ա.Ժ. փոխ-նա­խա­գահն ու պատ­գա­մա­ւոր­ներ»: Անդ­րա­դառ­նա­լով Լի­բա­նա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք ձեռ­նարկ­նե­րուն, «Ազ­դակ»ի գլխա­ւոր խմբա­գի­րը ը­սաւ, որ Ան­թի­լիա­սի` Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած Նա­հա­տա­կաց մա­տու­ռին մօտ Ապ­րիլ 24ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ պա­տա­րագ, ո­րուն պի­տի յա­ջոր­դէ քայ­լար­շաւ դէ­պի Պուրճ Հա­մուտ:

«Այս տա­րո­ւան քայ­լար­շա­ւը ոչ միայն պա­հան­ջա­տի­րա­կան է, այ­լեւ զօ­րակ­ցա­կան, քա­նի որ պի­տի մաս­նակ­ցին նաեւ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան ո­լոր­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Պէյ­րու­թի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ե­րի­տա­սար­դա­կան «­Պա­տուոյ պա­հակ» եւ հա­մերգ: Ամ­րան Ճ­պէյ­լի մէջ պի­տի բա­ցո­ւի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի թան­գա­րան, իսկ Պիք­ֆա­յա­յի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Նա­հա­տա­կաց հրա­պա­րա­կի բա­ցու­մը»,- ը­սաւ Գան­տա­հա­րեան: