Կիրպոսի Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ առնուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցանք նկատելու որոշման առիթով, Ուրբաթ՝ 3 Ապրիլ 2015ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ նամակը յղեց Կիպ
րոսի Հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին.-
Մեծ ուրախութեամբ իմացանք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Կիպրոսի Հանրապետութեան խորհրդարանը միաձայնութեամբ պատմական որոշում մը առած է՝ հաստատելով յատուկ օրէնք մը, որուն համաձայն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կը նկատուի քրէական յանցանք։ Արդարեւ, մենք երբեք չենք մոռնար, որ 1975ին Կիպրոսի խորհրդարանը հանդիսացաւ ամբողջ աշխարհին մէջ երկրորդ խորհրդարանը՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Այս ուրախ առիթով մեր ժողովուրդին անունով Մեր խոր շնորհակալութիւնը եւ բարձր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել Կիպրոսի խորհրդարանին իր այս պատմական որոշումին համար։ Այս քաջ որոշումը արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ Կիպրոսի Հանրապետութեան ունեցած զօրեղ յանձնառութեան շօշափելի մէկ արտայայտութիւնն է։ Յոյն եւ հայ ազգերու գործակցութիւնը խորապէս արմատացած է մեր փոխադարձ պատմութեան մէջ։ Մեծապէս կենսական է, որ ներկայ ժամանակներուն, երբ մարդկային իրաւունքները տեւապէս կը բռնաբարուին, մենք շարունակենք մեր գործակցութիւնը վերանորոգ ճիգով՝ ի խնդիր արդարութեան ու մարդկային արժանապատուութեան։
Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը պաշտպանէ նոր ժամանակներու չարերուն ու չարիքներուն դէմ եւ զինք առաջնորդէ դէպի առաւել յառաջդիմութիւն ու բարգաւաճում։
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ