­Ե­րե­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ ­Պէյ­րու­թի մէջ հա­յա­նուն դա­ւա­դիր­նե­րու ձե­ռամբ ա­ռե­ւան­գո­ւած, ա­պա խոշ­տան­գո­ւած ու սպան­նո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, «Ազ­դակ-­Շա­բա­թօ­րեակ Դ­րօ­շակ»ի գլխա­ւոր խմբա­գիր ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի վաս­տա­կը գնա­հա­տե­լու, ա­նոր յի­շա­տա­կը յար­գե­լու հա­ւա­քո­ւած էին հա­րիւ­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ:

Ար­դա­րեւ, ­Կի­րա­կի՝ 29 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, Կ­լեն­տէյ­լի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հը լե­ցո­ւած էր ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար հա­ւա­քո­ւած՝ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի տար­բեր շրջան­նե­րէն ե­կած հա­յոր­դի­նե­րու բազ­մու­թեամբ մը, որ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Ռու­բէն եւ Գ­րի­գոր ­Յա­րու­թիւ­նեան­նե­րու տու­տու­կի նո­ւա­գով:

Ա­ռանձ­նա­բար յու­զիչ էր ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի տիկ­նոջ՝ ­Սո­նա­յի, որդ­ւոյն՝ Հ­րազ­դա­նի, դուստ­րե­րուն՝ ­Սալ­բիի ու ­Կա­րի­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը ձեռ­նար­կին:

Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած յի­շա­տա­կի ե­րե­կո­յին բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի հան­րա­յին յա­րա­բե­րու­թեանց գրա­սե­նեա­կի վա­րիչ ­Սա­րօ ­Նա­զա­րեան:

­Յայ­տա­գի­րի ա­ռա­ջին բա­ժի­նով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան եր­կու տե­սաե­րիզ­ներ, ա­ռա­ջի­նը՝ ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, իսկ երկ­րոր­դը՝ իր կող­մէ ար­տա­սա­նո­ւած ճա­ռի մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, դար­ձեալ ­Զէյթ­լեա­նի կեան­քի զա­նա­զան դրո­ւագ­նե­րը պատ­կե­րող նկար­նե­րու շարք մըն էր:

Ա­պա՝ ­Նա­յի­րի ­Փա­նո­սեան արտ­սա­նեց ­Յա­կոբ ­Յա­կո­բեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն մէ­կը:

Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի խօս­քը փո­խան­ցեց Կ.Կ.ի ան­դամ ­Տա­րօն ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան:

Ե­րաժշ­տա­կան ընդ­մի­ջու­մէն ետք բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ «Դ­րօ­շակ»ի նախ­կին խմբա­գիր, հրա­պա­րա­կա­գիր ­Նա­զա­րէթ ­Պէր­պէ­րեան, որ յատ­կա­պէս այս առ­թիւ հրա­ւի­րո­ւած էր Ա­թէն­քէն:

Ն. ­Պէր­պէ­րեան՝ իբ­րեւ «Ազ­դակ-­Շա­բա­թօ­րեակ Դ­րօ­շակ»ի գլխա­ւոր խմբա­գիր ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի օգ­նա­կան՝ մօ­տէն ճանչ­նա­լու ա­ռիթ ու­նե­ցած էր ­Դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չը: ­Հա­ւա­նա­բար այդ մօ­տի­կու­թիւնն էր պատ­ճա­ռը, որ ­Պէր­պէ­րեա­նի ե­լոյ­թը ստա­ցաւ ան­մի­ջա­կա­նու­թեան շեշտ մը, որ ի­րեն կա­պեց ներ­կա­նե­րը:

Ո­գե­կո­չա­կան այս հան­դի­սու­թիւ­նը փա­կո­ւե­ցաւ ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան ­Մու­շեղ Արք. ­Մար­տի­րո­սեա­նի խօս­քով եւ ա­ղօթ­քով: