Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին առն­չու­թեամբ, Ապ­րիլ 2­ին, Մեծ ե­ղեռ­նի ո­գե­կոչ­ման վա­հա­նակ­ներ տե­ղադ­րո­ւած են Ուք­րանիոյ մայ­րա­քա­ղաք Քիե­ւի ամ­բողջ տա­րած­քին: «Արմէնփ­րես»­ի փո­խանց­մամբ` Ֆէյս­ պու­քի մէջ գրած է Ար­ման Ա­բո­վեան: Վա­հա­նակ­նե­րուն վրայ պատ­կե­րո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100­րդ տա­րե­լի­ցի խորհըր­դա­նիշ ան­մո­ռու­կը եւ կար­գա­խօ­սը` «­Յի­շում եմ եւ պա­հան­ջում», ինչ­պէս նաեւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը: Ուք­րանիոյ հայ հա­մայն­քին ուղ­ղո­ւած գրառ­ման մէջ ֆէյս­պու­քեան օգ­տա­տէ­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս, կը գրէ.- «Այ­սօր ամ­բողջ քա­ղա­քին մէջ նման վա­հա­նակ­ներ տե­ղադ­րած են:

Եւ ա­տի­կա ը­րած են մե­րին­նե­րը: Հա­կա­ռակ քա­ղա­քա­կան ար­կա­ծախնդրու­թիւն­նե­րուն, Ուք­րա­նիոյ մէջ տի­րող բարդ ի­րադ­րու­թեան, թոււր­քե­րուն եւ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու հա­ւա­նա­կան վայ­նա­սու­նին, մե­րին­նե­րը պար­զա­պէս վեր­ցու­ցին ու ը­րին ա­տի­կա:

Ճանչ­նա­լով ձեզ` գի­տեմ, որ ա­սի­կա միայն սկիզբն է…­Թէ­կուզ Ուք­րա­նիոյ պաշ­տօ­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց մէջ քա­ջու­թիւն չգտան ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն ըն­դու­նած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը, դուք չէք յա­պա­ղիր, կ­՛ը­նէք այն, ինչ որ ձեր խիղ­ճը ու պա­տի­ւը կը թե­լադ­րեն»: