Իրաքի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Ֆրիատ Ռուանտուզը, Պաղտատի մէջ իր պաշտօնական գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեանը:
Նախարար Ռաունտուզ արժեւորեց երկու երկիրներու միջեւ մշակութային կապերու զարգացման ջանքերը, քանի որ երկու ժողովուրդները շատ ընդհանութիւններ ունին: Ան յայտարարեց, որ նախարարութիւնը շուտով Հայաստանի հետ պիտի կնքէ մշակութային փոխյարաբերութիւններու վերաբերեալ համաձայնագիր, մշակոյթի զարգացման, տեղեկատւութեան եւ փորձի փոխանակման ծիրէն ներս:
Իր կողմէն ՀՀ դեսպանը յայտնեց, որ Հայաստան կը դատապարտէ բոլոր ծայրահեղական եւ ահաբեկչական գործողութիւնները հանդէպ Իրաքի մշակութային եւ քաղաքակրթութեան արժէքներուն, նոյն ատեն ան հրաւէրք ուղղեց նախարար Ռուանտուզին մասնակցելու Երեւանի մէջ կայանալիք համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս ամսուան ընթացքին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանաւորութեամբ: Հանդիպման աւարտին նախարար Ռուանտուզ կոչ ըրաւ երկու երկիրներու միջեւ կապերու ամրապնդման եւ հաստատման, նաեւ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպման Իրաքի ապահով մարզերուն մէջ, նախարարը աւելցուց, որ նախարարութեան դռները բաց են երկու երկիրներու միջեւ մշակութային փոխյարաբերութիւններու եւ փորձի փոխանակման համար: