­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի յի­շա­տակ­ման իւ­րօ­րի­նակ ցու­ցա­հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պո­ւած է Լոս Ան­ճե­լըս գա­ւա­ռի վե­րահս­կիչ Մայք Ան­թո­նո­վի­չի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ: Մէկ ա­միս տե­ւող ցու­ցա­հան­դէ­սին մեկ­նար­կը պի­տի կա­տա­րո­ւի Ապ­րիլ 25ին, Լոս Ան­ճե­լը­սի «Կ­րենտ» զբօ­սայ­գիին մէջ: «Îwitness» խո­րա­գի­րը կրող ցու­ցա­հան­դէ­սին, ի­րա­րու կից եւ ոչ հա­մա­չափ յու­շար­ձան­նե­րու վրայ, ե­ռա­չափ պի­տի պատ­կե­րո­ւին Ցե­ղասպ­սա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած ա­կա­նա­տես­նե­րու լու­սան­կար­նե­րը:
8-15 ոտք­նոց յու­շար­ձան­նե­րը պի­տի չու­նե­նան ու­ղիղ ան­կիւն­ներ, խորհր­դան­շե­լու հա­մար ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ աշ­խար­հը, որ միշտ պա­տե­րազ­մի եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վտան­գի մէջ է:
­Ցու­ցադ­րու­թեան գա­ղա­փա­րին հե­ղի­նակ­ներն են Ա­րա Օ­շա­կան եւ Լե­ւոն Փա­րեան, ինչ­պէս նաեւ ճար­տա­րա­պետ Վա­հագն Թով­մա­սեան:
«Այս իւ­րա­յա­տուկ ձեռ­նար­կը պի­տի յար­գէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 1,5 մի­լիոն զո­հե­րու յի­շա­տա­կը եւ պի­տի պատ­մէ 20րդ դա­րու ա­մե­նա­սար­սա­փե­լի կո­տո­րած­նե­րէն ողջ մնա­ցած ա­կա­նա­տես­նե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րը», նշած է Ան­թո­նո­վիչ: