Դիւան Ազգային Երեսփոխանական ժողովը կը տեղեկացնէ թէ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի երեսփոխանական ժողովը իր Ա. Արտակարգ ժողովի ընթացքին, քառամեայ նստաշրջանի պաշտօնավարութեան համար միաձայնութեամբ Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանը ընտրեց Առաջնորդ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմին:
Ընտրութեան արդիւնքը յատուկ նամակով ուղարկուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին, առ ի վաւերացումն։ Նորին Սրբութիւնը հաստատելէ ետք գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանի առաջնորդական ընտրութիւնը, մաղթեց, որ Աստուած Առաջնորդ Հայր Սուրբին պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ ամբողջական յաջողութիւն՝ իր ազգային-եկեղեցական ծառայութեան մէջ։
Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպունեան ընտրուեցաւ Առաջնորդ Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմին
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր