Բազմահազար հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ, Կիրակի առաւօտ՝ փութացին Անթիլիասի մայրավանք` տօնախմբելու Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ: Հոգեպարար տեսարան պարզուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, երբ հայ մանուկները մոմերով ու ձիթենիի ճիւղերով մասնակից դարձան Ծաղկազարդի թափօրին, ապա լսեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հայրական խօսքը:
«Այսօր մենք կը դիմաւորենք մեր Փրկիչին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Ի՜նչ գեղեցիկ երեւոյթ է տեսնել մեր մանուկները իրենց ծնողներով, որոնք եկած են Ծաղկազարդի խորհուրդով ծաղկազարդելու իրենց կեանքը», ըսաւ վեհափառը եւ աւելցուց. «Այսօր, նաեւ մենք կը տօնենք հայ ժողովուրդին Ծաղկազարդը: Նայեցէք ձեր շուրջ: Ծաղկազարդուած է հայ կեանքը` Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, Լիբանան եւ սփիւռս աշխարհի: Պայծառակերպուած է մեր կեանքը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով: Վերանորոգուած է մեր կեանքը ազգային ձգտումներով ու երազներով»:
Վեհարանի պատշգամէն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած բազմահազար ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին աւարտին, վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` նշելով. «Ինչպէս գիտէք, ներկայ տարին 100-ամեակն է Հայոց ցեղասպանութեան. չմոռնանք, որ 100 տարիներ առաջ ցեղասպան թուրքը մեր նախահայրերն ու նախամայրերը ջարդեց. ուզեց հայ ժողովուրդը բնաջնջել ու Հայաստանը ջնջել աշխարհի քարտէսէն: Սակայն, ան չյաջողեցաւ իր ծրագիրին մէջ: Այսօր հայ ժողովուրդը յարութիւն առած է իր ազատ ու անկախ հայրենիքով, ինքնիշխան Արցախով ու կազմակերպ սփիւռքով: Այսօր հայ ժողովուրդը պահանջատէր է. ան կը պահանջէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ իր իրաւունքներուն հատուցումը: Այս ոգիով ու յանձնառութեամբ մենք պէտք է մեր մանուկները դաստիարակենք մեր ընտանիքներուն եւ դպրոցներուն մէջ» կոչ ուղղեց վեհափառ հայրապետը:
Հայրապետական պատգամէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց հայ մանուկներն ու անոնց ծնողները: Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառ հայրապետը բոլոր մանուկներուն նուէրներ բաշխեց` տօնական ուրախութեամբ լեցնելով անոնց սրտերը:
Նշանեան կը պայքարի դատական դաւադրութեան դէմ
Հանրածանօթ մտաւորական Սեւան Նշանեան Թուրքիոյ մէջ շինարարական կանոններու խախտման մեղադրանքով բանտարկուած միակ անձն է։ Ան այս յատկութիւնը կը պարտի առանց որեւէ շահ ակնկալելու, հին պատմական բնակարանները՝ հնագէտ ճարտարապետի մը բծախնդրութեամբ վերակառուցելուն։ Նշանեան իրեն վերագրուած «յանցանքը» գործեց նախկին յունական գիւղի մը մշակութային ժառանգը վերակերտելով։ Իր ջանքերուն շնորհիւ Իզմիրի Սելչուք գաւառի Շիրինճէ գիւղը վերածուած է զբօսաշրջական կեդրոնի։
Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները գիտեն, թէ ան դատական դաւադրութեան մը զոհ գացած է յատկապէս իր քաղաքական արիութեան եւ խիզախ ելոյթներուն պատճառաւ։ Հետեւողական բնոյթով բողոքներ յայտնուած էին իր դէմ եւ բանտարկութենէ ետք անոնք մի առ մի կ՚աւարտին բանտարկութեան պատիժներով։ Այս առթիւ Նշանեանի փաստաբան Կիւլչին Ավշար Վճռաբեկ Ատեան դիմած է նման բնոյթի յանցանքներու համար միայն մէկ ու միացեալ վճիռ արձակելու պահանջով։ Ներկայ կացութեամբ, ան 11 թղթածրարներու համար դատապարտուած է 14 տարի 2 ամիս բանտարկութեան պատիժի։