­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ գեր­մա­նա­ցի ծա­նօթ պատ­մա­բան Մի­քա­յէլ Հես­մա­ն յայ­տա­րա­րած է Վա­տի­կա­նի գաղտ­նի ար­խիւ­նե­րուն մէջ մին­չեւ այ­սօր չհրա­պա­րա­կո­ւած 2.000 էջ­նոց փաս­տա­թուղ­թե­րու

յայտ­նա­բեր­ման մա­սին, զորս ա­նո­ւա­նած է «­Պատ­մու­թեան մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րու ա­մե­նա­մեծ հե­տապն­դու­մը»: 

 

Հ­ռո­մէն լոյս տես­նող Zenit առ­ցանց թեր­թին տո­ւած հար­ցազրոյ­ցի ըն­թաց­քին պատ­մա­բա­նը ու­շագ­րաւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ղոր­դած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ Հ­ռո­մի Սուրբ Ա­թո­ռին, մաս­նա­ւո­րա­պէս` Հ­ռո­մի Բե­նե­դիկ­տոս ԺԵ. պա­պի դիր­քո­րոշ­ման մա­սին, որ 1915ին բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ կոչ կ­՚ը­նէր դադ­րեց­նե­լու Հա­յե­րուն հան­դէպ կա­տա­րո­ւող բռնու­թիւն­նե­րը:

Անդ­րա­դառ­նա­լով փաս­տա­թուղ­թե­րու յայտ­նա­բեր­ման պատ­մու­թեան` Հես­մա­ն­ ը­սած է. «­Զիս հե­տաքրք­րեց Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­ման, երբ կար­դա­ցի Քէօլ­նի ար­քե­պիս­կո­պոս կար­դի­նալ ֆոն Հարթ­մա­նի` 1913ին Գեր­մա­նիոյ Ռէյ­խի վար­չա­պե­տին ուղ­ղո­ւած նա­մա­կը, ուր կը խնդրէր օգ­նել` կան­խե­լու Հա­յոց նոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը Թուր­քիոյ հիւ­սիս-ա­րե­ւել­քէն ռու­սա­կան զօր­քե­րու դուրս­բե­րու­մէն ետք:

«Այ­նու­հե­տեւ նոր եւ նոր փաս­տա­թուղ­թեր յայտ­նա­բե­րե­ցի, ա­ւե­լի քան՝ 2.000 էջ, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ո՛չ հրա­պա­րա­կո­ւած է, ո՛չ ալ ու­սում­նա­սի­րո­ւած ոե­ւէ պատ­մա­բա­նի կող­մէ։
­Մինչ այդ ու­սում­նա­սի­րե­լով Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­ման՝ ծա­նօթ էի Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ար­խիւ­նե­րուն մէջ պա­հո­ւող փաս­տա­թուղ­թե­րուն, ո­րոնք պատ­րաս­տո­ւած էին օս­մա­նեան պաշ­տօ­նեա­նե­րու ու դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ, իսկ այս փաս­տա­թուղ­թե­րը նոր ու­սում­նա­սի­րու­թեան նիւթ են։
Ի հար­կէ, կա­րե­ւոր աղ­բիւր­նե­րէն են նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու զե­կոյց­նե­րը, յատ­կա­պէս՝ ԱՄՆ-ու Պոլ­սոյ դես­պան Հեն­րի Մոր­կեն­թաո­ւի փայ­լուն զե­կոյ­ցը։ Մինչ այժմ հան­դի­պած եմ նաեւ անգ­լիա­ցի, ֆրան­սա­ցի, ինչ­պէս նաեւ Թուր­քիոյ մէջ ի­տա­լա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու զե­կոյց­նե­րու, սա­կայն Վա­տի­կա­նի փաս­տա­թուղ­թե­րը տե­ղե­կա­տւու­թեան հիա­նա­լի աղ­բիւր են”

­Խօ­սե­լով կո­տո­րած­նե­րու պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին, պատ­մա­բա­նը ը­սած է. “­Կո­տո­րած­նե­րը սկսան, երբ Թուր­քե­րը խու­զար­կու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին հայ­կա­կան տու­նե­րու մէջ՝ զէնք յայտ­նա­բե­րե­լու նպա­տա­կով, ինչ որ օգ­տա­գոր­ծե­ցին որ­պէս ապս­տամ­բու­թեան դա­ւադ­րու­թեան «վկա­յու­թիւն», որ, ի հար­կէ, ան­հե­թե­թու­թիւն էր։ Ա­տոր հե­տե­ւե­ցան այ­րե­րու ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը, չար­չա­րանք­ներն ու սպա­նու­թիւն­նե­րը։ Այ­նու­հե­տեւ կի­նե­րը, տա­րեց­նե­րը եւ ե­րա­խա­նե­րը ստի­պե­ցին հա­րիւ­րա­ւոր քի­լո­մեթ­րեր անց­նիլ Ա­նա­տո­լիոյ լեռ­նա­յին տա­րածք­նե­րով՝ ա­ռանց ջու­րի եւ ու­տե­լի­քի։
­Շուրջ 350.000ը, հաս­նե­լով սու­րիա­կան ա­նա­պատ, տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցան հա­մա­կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բար­նե­րու մէջ, որ­մէ ետք սկսաւ «մա­հո­ւան եր­թը» Սու­րիոյ ա­նա­պա­տով, ուր շա­տե­րը սպան­նո­ւե­ցան։ Քա­նի մը տաս­նեակ հա­զար մար­դիկ միայն ողջ մնա­ցին, ա­նոնց մեծ մա­սը որ­բեր էին, ո­րոնց հա­մար Բե­նե­դիկ­տոս ԺԵ. պա­պը եր­կու որ­բա­նոց տրա­մադ­րեց”, պատ­մած է գիտ­նա­կա­նը:

­Խօ­սե­լով հա­ւա­նա­կան զար­գա­ցում­նե­րու մա­սին` գեր­մա­նա­ցի պատ­մա­բա­նը յա­տկա­պէս նշած է, որ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նոյն կիր­քով կը փոր­ձէ հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան մէջ բո­լոր մի­ջոց­նե­րով ջնջել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ­քը` կան­խե­լով Հա­յոց կո­տո­րած­նե­րու` որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճա­նա­չու­մը:

“­Բայց տե­ղի ու­նե­ցած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն՝ ըստ ՄԱԿ-ի սահ­մա­նու­մին, ինչ­պէս նաեւ քրիս­տո­նեա­նե­րու ա­մե­նա­մեծ հա­լա­ծան­քը պատ­մու­թեան մէջ, ո­րուն զոհ գա­ցին մի­լիոն ու կէս հայ եւ մօտ մէկ մի­լիոն քրիս­տո­նեայ Սու­րիա­ցի­ներ եւ Յոյ­ներ”, ը­սած է գեր­մա­նա­ցի պատ­մա­բա­նը:

­Դեռ 2012 Փետ­րո­ւա­րին յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ, որ Վա­տի­կա­ն կը սկսի բա­նալ 400ա­մեայ ան­ցեալ ու­նե­ցող գաղտ­նի ար­խիւ­նե­րը, սկսած` 1621 թո­ւա­կա­նէն: Ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ կան նաեւ այն­պի­սի­նե­ր, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան:
­Նա­խա­պէս, Վա­տի­կա­նի գաղտ­նի ար­խի­ւի պա­տաս­խա­նա­տու, ե­պիս­կո­պոս Սեր­ճիօ Պա­քա­նօ յայ­տա­րա­րած էր, որ Հա­յոց մա­սին փաս­տա­թուղ­թե­րը պի­տի հրա­պա­րա­կո­ւին: Ա­նոնց մէջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան «թրքա­կան զօր­քե­րու կող­մէ հա­յե­րու տան­ջանք­նե­րուն մա­սին»: