Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Մօթ­ևի­տէո­յի հայ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րուն, 26 Մար­տի ե­րե­կո­յեան, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Հ­րա­պա­րա­կի տա­րած­քին, տե­ղի ու­նե­ցաւ լուռ ցոյց մը ո­րու ըն­թաց­քին մա­սա­կից ե­րի­

տա­սարդ­նե­րը յա­տա­կին նստած և­ ի­րենց բե­րան­նե­րը կար­միր ե­րիզ­նե­րով կա­պած, տպա­ւո­րիչ  ցոյց  մը կա­տա­րե­ցին որ ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւեց ան­ցորդ­նե­րուն, մինչ կարգ մը ե­րի­տասրդ­ներ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին թեր­թոն­ներ կը բաժ­նէին բազ­մա­թիւ ան­ցորդ­նե­րուն, ո­րոնք հե­տաքրք­րու­թեամբ ա­ւե­լի տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փա­փա­քէին ու­նե­նալ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին:

 

Տ­ղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը ի­րենց հետ ու­նէին պաս­տար­ներ ո­րոնց վրայ  գրո­ւած էր «­Կը զօ­րակ­ցինք աշ­խար­հի մէջ բո­լոր ին­կած­նե­րու հետ», «Ոչ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խաղ­դում­նե­րուն», «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բնաւ եր­բէ՛ք»։

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու այս ձեռ­նար­կը ար­ձա­գանգ գտաւ նաև տե­ղա­կան զան­գո­ւա­ծա­յին մա­մու­լի կող­մէ։