Չո­րեք­շաբ­թի Մարտ 25-ին, Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նի մեծ ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը, որ կը վա­յե­լէր Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Հո­լան­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Խորհր­դան­շա­կան, բա­ցա­ռիկ ե­րե­ւոյթ մը, որ յա­ճախ ընդգծո­ւե­ցաւ բա­նա­խօս­նե­րուն կող­մէ։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Փա­րի­զի «­Նոր Յա­ռաջ»-ը։

Բազ­մու­թիւ­նը՝ մեծ մա­սամբ տար­բեր ազ­գե­րէ գի­տաշ­խա­տող­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, ու­սում­նա­սի­րող­ներ, հա­մալսա­րա­նա­կան­ներ, գիտ­նա­կան­ներ եւ հա­մայն­քի ղե­կա­վար­ներ ժամ մը ա­ռաջ փու­թա­ցած էր Սոր­պոն, իր տե­ղը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան՝ Վի­գէն Չի­տե­չեան։

Մի­ջազ­գա­յին այս գի­տա­ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նեցաւ չորս օ­րե­րու ըն­թաց­քին՝ մին­չեւ Շա­բաթ Մարտ 28, զա­նա­զան վայ­րե­րու մէջ։

Այս­պէս՝ Մարտ 26-ի հա­մար ընտ­րո­ւած էր Փա­րի­զի Հ­րէա­կան Ող­ջա­կիզ­ման յու­շա­հա­մա­լի­րը։

Յա­ջորդ օ­րո­ւան հա­ւա­քը տե­ղի ու­նեցաւ Ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու Բարձ­րա­գոյն Դպ­րո­ցի (EHESS) շէն­քին մէջ։ Եւ վեր­ջա­պէս վեր­ջին օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նեցա­ն «Ֆ­րան­սո­ւա Մի­թե­րա­ն» Ազ­գա­յին Գ­րա­դա­րա­նի մեծ լսա­րա­նին մէջ։

Ա­ռա­ջին նիս­տին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Վէն­սան Տիւք­լէ­ռի կող­մէ, որ միա­ժա­մա­նակ ժո­ղո­վին նստա­վարն էր։

Ա­պա խօսք ա­ռաւ Հան­րա­պե­տու­թեան Գի­տու­թեան եւ կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­հի Նա­ժատ Վա­լօ-­Պէլ­քա­սէմ (կը ներ­կա­յաց­նէր Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը)։

Ան ը­սաւ, թէ նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ յա­տուկ յանձ­նա­խումբ մը պի­տի ստեղ­ծո­ւի ա­ւե­լի ման­րա­մասն ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ դպրոց­նե­րէն ներս ու­սուց­ման հա­մար։ Յայտ­նենք, թէ ար­դէն Ֆ­րան­սա­յի մէջ միջ­նա­կար­գի 3րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կե­տու­թեան կը դա­սա­ւան­դո­ւի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը։