Պուէնոս Այրեսի Կուրուչուգայ եւ Ժոֆրէ փողոցներուն մէջ շուտով հայկական հետքն ու հայու ներկայութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուին: Պուէնոս Այրեսի հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայկական կազմակեր պութիւններու շէնքին կողքը կը կառուցուի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, որուն բացումը ամենայն հաւանականութեամբ տեղի պիտի ունենայ յաջորդ տարի:
Արժանթինի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի հարցերով պատասխանատու, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի հիմնադրամի ղեկավար, փրոֆէսոր Նելիտա Պուլկուրճեանը շեշտած է, որ ներկայ դրութեամբ կ՛ընթանան շինարարական աշխոյժ աշխատանքներ: Ան նշած է, որ թանգարանի կառուցման գաղափարը միաւորած է ամբողջ արժանթինահայութիւնը, եւ բոլորն ալ անհամբերութեամբ կը սպասեն կառոյցի բացումին:
«Նմանատիպ թանգարանը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ Արժանթինի ամբողջ հասարակութեան համար, քանի որ կառոյցը ոչ միայն պիտի ներկայացընէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը, այլեւ իր ներդրումը պիտի ունենայ հասարակութեան կրթութեան եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգելման հարցով: Հետեւաբար նման թանգարաններ պէտք է ըլլան աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, որպէսզի ժամանակակից հասարակութիւնը, տեղեակ ըլլալով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մասին, կարենայ իր ներդրումը ունենալ ապագային մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգելման հարցով»,- ըսած է Նելիտա Պուլկուրճեանը:
Թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի հայ ժողովուրդի պատմութիւնը երեք փուլով: Առաջին բաժինին մէջ պիտի ներկայացուի հայոց կեանքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ մինչեւ 1915 թուականը: Ինչպէս հայերը կ՛ապրէին, ինչ աւանդոյթներ եւ մշակութային առանձնայատկութիւններ ունէին, ընտանիքի նշանակութիւնը ու կանանց դերը ինչպիսին էր: Երկրորդ բաժինին մէջ պիտի ներկայացուին Հայոց ցեղասպանութեան պարկերներ, լուսանկարներ, ձայնային փաստեր, արխիւային նիւթեր, վերապրածներու վկայութիւններ: Թանգարանի երրորդ մասը նուիրուած է այն հայերուն, որոնք գաղթած են Արժանթին, այնտեղ հաստատուած, աշխատած եւ ներդրում ունեցած են երկրի զարգացման գործին: Թանգարանը պիտի ունենայ մշտական ցուցադրութիւն, յատուկ օրեր, յատուկ ցուցադրութիւններ եւ թեմաներ այս կամ այն օրուան կամ յիշատակի ձեռնարկներուն նուիրուած››: Այդ իսկ պատճառով որոշուած է, որ հայ եւ արժանթինցի ուսանողները հնարաւորութիւն ունենան այցելել թանգարան անվճար, այնտեղ իրականացնել ձեռնարկներ, մասնակցիլ քննարկումներու, դասախօսութիւններու, որոնք նուիրուած կ՛ըլլան ցեղասպանութիւններու կանխարգելման:
Թանգարանի ճարտարապետները Խուան Քարլոս Թուֆեկսեան ու Կիլիերմօ ՏէրԳաբրիէլեանն են: Թանգարանը եռայարկ է, աւելի քան 1000 քմ. տարածքով: Առաջին յարկը պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան թանգարանը, որուն ցուցանըմուշները հաւաքուած են վերջին 40 տարուան ընթացքին, իսկ երկրորդ յարկը նուիրուած պիտի ըլլայ Արժանթինի հայերու մշակութային ժառանգութեան ու արդի ցուցահանդէսներուն: Երրորդ յարկին մէջ պիտի գործէ գրադարանը: Պուէնոս Այրեսի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ղեկավար Օրասիօ Ռոտրիկես Լարետան յայտարարած էր, որ Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի բացումը երաշխաւորութեան տեսակ մըն է, որ մարդկութիւնը այլեւ չդիմէ ցեղասպանութիւններու, ինչպէս եղաւ 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին հետ: Թանգարանի հիմնարկէքի արարողութեան մասնակցած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան: