Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս, Ապրիլ 23ին աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներէն 100 անգամ պիտի ղօղանջեն զանգերը՝ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն: Զանգեր
պիտի ղօղանջեն զոհերու սրբադասման արարողութենէն ետք՝ Երեւանի ժամով ժամը 19:15ին: Զանգերը պիտի չղօղանջեն միա՛յն Պոլսոյ մէջ: Ըստ «Ակօս»ի՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Արամ արք. Աթէշեան յայտարարած է, որ Պոլսոյ մէջ զանգեր պիտի չղօղանջեն, եւ կը թուի, թէ Մայր Աթոռը ըմբռնումով կը մօտենայ այս հարցին: Մայր Աթոռի մամլոյ դիւանի պատասխանատու Վահրամ քհնյ. Մելիքեան յայտարարած է, որ ստեղծուած վիճակը իրենց համար «լիովին ընկալելի է»: Արամ արք. Աթէշեան յայտնած է, որ Պոլսոյ մէջ Ապրիլ 24ին յիշատակի արարողութիւններ պիտի կատարուին, բայց այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած: Ուշագրաւ է, որ Մարտ 23ին, Պոլսոյ հայկական ութ եկեղեցիներուն մէջ, Կալիփոլիի ճակատամարտի գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած զինուորներուն համար հոգեհանգիստի արարողութիւն կատարուած է: