«Մենք ամ­բող­ջու­թեամբ զօ­րա­շար­ժի են­թար­կո­ւած ենք՝ կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը եւ պաշտ­պա­նե­լու այս շրջա­նին մէջ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը»,- յայ­տա­րա­րած է պրն. ­Հար­լեմ ­Տէ­զիր՝ Եւ­րո­պա­կան հար­ցե­րով Ֆ­րան­սա­յի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը (French Secretary of State for European Affairs)։

­Մարտ 18ին, Ֆ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին մէջ, ­Միու­թիւն յա­նուն ­Ժո­ղովր­դա­կան ­Շար­ժու­մի (UMP) կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր պրն. ­Ժան-Գլօտ ­Մի­նիոն հար­ցում ուղ­ղած է երկ­րի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին, ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման մա­սին։ ­Կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նած է Եւ­րո­պա­կան ­Հար­ցե­րով պա­տաս­խա­նա­տու նա­խա­րա­րը։

Ան ը­սած է.- «Ֆ­րան­սան, ինչ­պէս գի­տէք, լիո­վին ընդգր­կուած է ­Մինս­կի խում­բին մէջ, զոր կը հա­մա­նա­խա­գա­հէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եւ ­Ռու­սաս­տա­նի հետ, գտնե­լու հա­մար մնա­յուն լու­ծում մը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ի­րա­վի­ճա­կին, ո­րուն բնակ­չու­թիւ­նը - հիմ­նա­կա­նին մէջ՝ հա­յեր - պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով չա­փա­զանց շատ տա­ռա­պած է։ ­Ներ­կայ վի­ճա­կը (status quo) ոչ ո­քի շա­հե­րէն չի բխիր, ո՛չ ­Հա­յաս­տա­նի, ոչ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի: Այս պատ­ճա­ռով ալ, ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, ցան­կա­նա­լով ա­ջակ­ցիլ դի­ւա­նա­գի­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան վերսկսու­մին, ան­ցեալ տա­րուան ­Հոկ­տեմ­բեր 27ին, ­Փա­րի­զի մէջ, գու­մա­րեց հայ եւ ատր­պէյ­ճան­ցի նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ գա­գա­թա­ժո­ղով մը։ Այս հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ մար­դա­սի­րա­կան գետ­նի վրայ վստա­հու­թեան ա­ռա­ջին քայլ առ­նե­լու՝ հա­կա­մար­տու­թեան ըն­թաց­քին ան­հե­տա­ցած­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն փո­խա­նա­կե­լով։

Այս քայ­լը սկսած էր ի­րա­կա­նա­ցո­ւիլ։ Այս հան­դի­պու­մը նաեւ օգ­նեց ­Մինս­կի ­Խում­բի շրջա­նա­կին մէջ նոր թափ հա­ղոր­դե­լու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ինչ­պէս յի­շե­ցիք, հիմ­նո­ւած են այս­պէս կո­չո­ւած ­Մատ­րի­տեան սկզբունք­նե­րուն վրայ, մաս­նա­ւո­րա­բար՝ ուժ չկի­րա­ռե­լու, պե­տու­թիւն­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը յար­գե­լու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի հի­ման վրայ։ ­Վեր­ջին ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին մեր տե­սած լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէ այդ սկզբունք­նե­րը կի­րա­ռե­լու բա­ցար­ձակ անհը­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ ­Հե­տե­ւա­բար, Ֆ­րան­սան գոր­ծօն կեր­պով կը շա­րու­նա­կէ ­Հոկ­տեմ­բե­րին սկսած իր ջան­քե­րը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը դար­ձեալ պի­տի հան­դի­պի իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն, երբ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րիլ 24 եւ 25ին կ­՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան եւ ­Պա­քու։ ­Մենք ամ­բող­ջու­թեամբ զօ­րա­շար­ժի են­թար­կո­ւած ենք՝ կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը եւ պաշտպա­նե­լու՝ այս շրջա­նին մէջ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը»։

Յի­շենք, որ Ֆ­րան­սո­ւա ­Հոլ­լանտ, 15 տա­րիէ ի վեր ­Հայ ­Դա­տի ի նպաստ յանձ­նա­ռու­թիւն ու­նի եւ քայ­լեր ա­ռած է: