Նորվեկիոյ Վարչապետ Էռնա Սօլպէրկ յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք Հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներուն, պատճառաբանելով, թէ Թուրքիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը շատ աւելի կարեւոր է իրենց համար։ Էռնա Սօլպէրկ նշեց որ Նորվեկիան Վարչապետի եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մակարդակով պիտի չմասնակցի ձեռնարկներուն, միայն Հայաստանի Նորվեկիոյ աւագ դեսպանն է որ պիտի մասնակցի։
Իսկ Նորվեկիոյ Վարչապետարանի Խորհրդական Պաարտ Կլատ Փէտէրսէն յայտնեց, որ պատմական նիւթերը պէտք է պատմագէտներուն թողուլ։ «Հայոց այս նիւթը վերջին տարիներուն յաճախակիօրէն վիճաբանութեան առարկայ կը դառնայ։ Սակայն ՄԱԿ-ի որոշումներով յայտնի է թէ ինչ բան ցեղասպանութիւն կը նկատուի, ինչ բան չի նկատուիր։ Այդ պատճառով, ձգենք որ արժեւորումները կատարեն պատմագէտները։» ըսաւ ան։