­Նիւ Եոր­քի մէջ, ­Մարտ 13-էն 15, հոծ բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ ե­ղաւ «­Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն 2015» գի­տա­ժո­ղո­վին, որ Ա.Մ.Ն. Ա­րե­ւե­լեան շրջա­նէն ներս, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի կա­րե­ւո­րա­գոյն ձեռ­նարկ­նե­րէն մէկն էր:  ­Բա­նա­խօս­նե­րու շար­քին էին հա­մալ­սա­րան­

նե­րէ ներս դա­սա­խօս­ներ, հիմ­նարկ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «­Հայ­րե­նիք»-ը: Այս գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Ա.Մ.Ն. Ա­րե­ւե­լեան շրջա­նի Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին կող­մէ, գոր­ծակ­ցու­թեամբ շրջա­նի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի յանձ­նա­խում­բին:

 

­Կազ­մա­կեր­պող մարմ­նին ան­դամ­ներն են.- ­Հայկ Օ­շա­կան, ­Խա­չիկ ­Մու­րա­տեան, Անդ­րա­նիկ ­Գաս­պա­րեան, ­Ճորճ Աղ­ճա­յեան, ­Հեն­րի ­Թե­րիօ, ­Քիմ ­Հե­քի­մեան եւ ­Սար­գիս ­Պալ­խեան:

Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի Ա.Մ.Ն. Ա­րե­ւե­լեան շրջա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Հայկ Օ­շա­կան կա­տա­րեց բաց­ման խօս­քը: Ա­ռա­ջին նիս­տին մաս­նակ­ցե­ցան «Global Center for the Responsibility» հիմ­նար­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Հա­նի­պալ Թ­րէյ­վիս, բրի­տա­նա­ցի փաս­տա­բան ­Ճէֆ­րի ­Ռո­պերթ­սըն եւ «­Թիւ­ֆեն­քեան» հիմ­նար­կի տնօ­րէն Անդ­րա­նիկ ­Գաս­պա­րեան, ո­րոնք քննար­կե­ցին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ստեղ­ծած ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը, կա­տա­րո­ւե­լիք ա­ռա­ջադ­րում­ներն ու ստանձ­նո­ւե­լիք պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը:
­Յա­ջորդ օ­րը Է­րիք ­Պօ­ղո­սեան, ­Ճէֆ­րի ­Ռո­պերթ­սըն, Ս­քաութ ­Թիւ­ֆանք­ճեան, Ք­րիս ­Պոհ­ճա­լեան, ­Տա­նա Ո­ւալ­րաթ, ­Մա­թիու ­Քա­րա­նեան, ­Նեն­սի Գ­րի­գո­րեան, Ա­լին ­Յով­հան­նէ­սեան, ­Լօր ­Մար­շան, ­Կի­յոմ ­Փե­րիէ, ­Ռի­չըրտ ­Յով­հան­նէ­սեան եւ ­Մա­րիըն ­Մըք­Քար­տի ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց գոր­ծե­րը, որ­մէ ետք մա­կագ­րե­ցին ի­րենց հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը:
«­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դի­տո­ւած ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու կող­մէ» նիւ­թին խօսք ա­ռին Ա­լեք­սանտր ­Տի­նե­լա­րիս, Է­րիք ­Պօ­ղո­սեան, Ս­քաութ ­Թիւ­ֆանք­ճեան, Ք­րիս ­Պոհ­ճա­լեան եւ ­Տա­նա Ո­ւալ­րաթ: «­Հա­մե­րաշ­խու­թեան ­Կար­գա­ւո­րում» նիւ­թին շուրջ խօսք ա­ռին ­Տէյ­վիտ ­Պար­սա­մեան, ­Նեն­սի Գ­րի­գո­րեան, ­Սա­րա ­Լի Ո­ւիթ­սըն եւ Է­լիզ ­Սե­մեր­ճեան:
Այս ­Գի­տա­ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղան ներ­կայ ե­ղան նաեւ բազ­մա­թիւ հա­յոր­դի­ներ, ժա­մա­նած ­Գա­նա­տա­յէն, Եւ­րո­պա­յէն, ­Լի­բա­նա­նէն, Ե­գիպ­տո­սէն եւ Աւստ­րա­լիա­յէն: