Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կին ա­ռի­թով ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը հրա­տա­րակ­չա­կան մշա­կու­թա­յին կրօ­նա­կան ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան բնոյթ ու­նե­ցող բազ­մա­թիւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ու աշ­խա­տանք­նե­րու կող­քին նաեւ ձեռ­նար­կեց շի­նա­րա­րա­կան հե­տե­ւեալ ծրա­գիր­նե­րուն.- ­Պիք­ֆա­յա­յի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու վե­րածնն­դեան յու­շար­ձա­նի շրջա­փա­կի ընդ­լայ­նում ու բա­րե­զար­դում և ­նոյն վայ­րին մէջ ­Նա­հա­տա­կաց ­Խո­րա­նի շի­նու­թիւն, Թռչ­նոց ­Բոյ­նի մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Որ­բե­րու ­Թան­գա­րա­նի հաս­տա­տում, Ան­թի­լիա­սի ­Մայ­րա­վան­քէն ներս ­Նա­հա­տա­կաց ­Մատ­րան վե­րա­նո­րո­գում և­ այլ ծրա­գիր­ներ։ Անց­նող եր­կու օ­րե­րու ըն­թաց­քին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը այ­ցե­լեց յի­շեալ ծրա­գիր­նե­րու վայ­րե­րը և ­մօ­տէն զբա­ղե­ցաւ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քով։ Ծ­րա­գիր­նե­րէն ո­մանք ար­դէն իսկ հա­սած են ի­րենց ա­ւար­տին, այլ ծրա­գիր­նե­րու պա­րա­գա­յին շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­սած են ի­րենց վեր­ջին հանգ­րո­ւա­նին։