Ե­րեք­շա­բա­թի՝ 17 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, ­Ռու­սաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ­նե­րը հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցած են: Վ­լա­տի­միր ­Փու­թի­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քը կը հաս­տա­տէ տե­ղե­կու­թիւ­նը: Ք­րեմ­լի­նի հա­մա­ձայն՝ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը նա­խա­ձեռ­նած է թրքա­կան կող­մը: ­Նա­խա­գահ­նե­րը, ըստ նոյն աղ­բիւ­րին, բա­րե­կա­մա­բար քննար­կած են երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցեր, ինչ­պէս՝ «Թր­քա­կան հոսք» կա­զա­տա­րի կա­ռուց­ման վե­րա­բե­րեալ: ­Կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կած են մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րու շուրջ: Թր­քա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը, ա­ռանց բա­ցա­յայ­տե­լու ի­րենց աղ­բիւր­նե­րը, կը պնդեն, թէ Էր­տո­ղան հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձած է նաեւ, ի­րենց բնո­րոշ­մամբ՝ «1915ի դէպ­քե­րուն»:

Կ’ը­սո­ւի, որ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը ­Փու­թի­նին ը­սած է, թէ Ան­գա­րան կը նա­խընտ­րէ, որ «պատ­մա­կան այս նիւ­թը» ար­դար տե­սան­կիւ­նէ դի­տար­կո­ւի: «­Թըր­քիշ Ո­ւիք­լիի» հա­մա­ձայն՝ Էր­տո­ղա­նը նաեւ նշած է, թէ ­Հա­յաս­տան կ­þան­տե­սէ խա­ղա­ղու­թեան կո­չե­րը, եւ հե­տաքր­քո­ւած չէ պատ­մու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար հա­մա­տեղ յանձ­նա­ժո­ղով ստեղ­ծե­լու ­Թուր­քիոյ ա­ռա­ջար­կով: Այս մա­սին Էր­տո­ղա­նի կայ­քին մէջ նշում չկայ: