­Թուր­քիոյ իշ­խա­նա­մէտ «­Սա­պահ» թեր­թը ներ­կա­յա­ցու­ցած է վեր­ջերս ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած քա­նի մը կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ա­պա անդ­րա­դար­ձած թրքա­կան կող­մի պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­ րուն ու ի­րա­կա­նա­ցո­ւե­լիք մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն:
­Թեր­թը ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րած է հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած «Divest Turkey» ար­շա­ւին, ո­րուն շնոր­հիւ, ան­ցեալ ա­միս, ­Պըրք­լիի հա­մալ­սա­րա­նը չե­ղեալ յայ­տա­րա­րեց ­Թուր­քիոյ մէջ իր 74 մի­լիոն տո­լար­նոց ներդ­րում­նե­րը: ­Հոն նշո­ւած է նաեւ հայ­կա­կան հա­մայն­քի ջան­քե­րով ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ Ա­թա­թիւր­քի ար­ձա­նի տե­ղադր­ման ծրա­գի­րի կա­սե­ցու­մը, յայտ­նի դե­րա­սան ­Ճորճ Ք­լու­նիիի մաս­նակ­ցու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը եւ այլն:
Թր­քա­կան կող­մի պա­տաս­խան քայ­լե­րէն նշո­ւած է այս շա­բաթ սկսող «Action Alert»ը, ո­րուն նպա­տակն է դէմ դնել ­Նիւ ­Ճըր­զի նա­հան­գի խորհր­դա­րա­նին ներ­կա­յա­ցո­ւած ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած բա­նա­ձե­ւին:
Ապ­րիլ 24ին ըն­դա­ռաջ, Ա­մե­րի­կա­յի թրքա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մա­ցան­ցա­յին ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մի­ջո­ցով գոր­ծի անց­նե­լու կո­չեր եւս կ­՛ը­նեն թուրք բնակ­չու­թեան՝ ա­նոնց նաեւ մղե­լով, որ մաս­նակ­ցին Ապ­րիլ 24ին, Ո­ւա­շինկ­թը­նի թրքա­կան դես­պա­նա­տան առ­ջեւ թրքա­կան կող­մին ծրագ­րած հան­րա­հա­ւա­քին: ­Քա­րոզ­չա­կան նպա­տա­կով սկսած է «#24nisandadcdeyiz» ար­շա­ւը:
Թր­քա­կան լո­պիա­կան ջան­քե­րուն կը վե­րագրուի քոնկ­րե­սա­կան ­Պիլ ­Շուս­թը­րի ե­լոյ­թը, ուր ան կը պաշտ­պա­նէ այն թէ­զը, թէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման օ­ժան­դա­կե­լը կը հա­կա­սէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու շա­հե­րուն: ­Նոյն վե­րագ­րու­մը կը կա­տա­րո­ւի նաեւ նախ­կին քոնկ­րե­սա­կան ­Տեն ­Պար­թը­նի գրած յօ­դո­ւա­ծին պա­րա­գա­յին, ուր հե­ղի­նա­կը քննու­թեան տակ կ­՛առ­նէ հայ-ի­րա­նեան մեր­ձե­ցու­մը՝ զայն հա­կադ­րե­լով Ա­մե­րի­կա­յի շա­հե­րուն: