Իսրայէլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի գլխաւոր միջոցառումը պիտի կայանայ Ապրիլ 24-ին Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Իսրայէլի յանձնախումբի նախագահ Ժորժետ Աւագեան ըսաւ, որ պայմանաւորուածութիւն  ձեռք բերուած է եւ Իսրայէլի նախագահ Ռեուվէն Ռիվլինը խոստացած է այդ օրը այցելել եկեղեցի եւ ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:
«Ան հայ ժողովուրդի բարեկամն է: Բազմիցս խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին ու դատապարտած է այն»: