Իրանի հայ համայնքներէն մէկուն՝ Ռաշթ քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ, տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան։ Այս մասին կը հաղորդէ getashen.com կայքը։
Յուշարձանը ունի 1915սմ բարձրութիւն, որ կը խարհըրդանշէ 1915 թուականը։ Դիրքը՝ աղօթող ձեռքեր, իսկ քարերը, որոնք կը յիշեցնեն սովորական քարէ պեթոն, այդքան ալ այդպէս չէ։ Անիկա կը խորհրդանշէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, զոր որքան ալ կոտորեն, ջարդեն միեւնոյնն է, թէկուզ փոքր մասնիկներով՝ կը համախմբուին եւ կը դառնան մէկ ամբողջութիւն: