ՀՀ դեսպանը գլխաւոր քարտուղարին տեղեկացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու մասին՝ ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը ոճրագործութիւններու անթոյլատրելիութեան վկայակոչման եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղուած հետեւողական ջանքերու ամրապնդման գծով:

ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում մը ունեցաւ Մարտ 11ին ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:
Ողջունելով դեսպան Մնացականեանի այցելութիւնը՝ Պան Քի Մուն բարձր գնահատած է Հայաստանի աշխուժ ներգրաւուածութիւնը միջազգային բազմակողմ գործընթացներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի գրասենեակի աշխատանքներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար դեսպան Մնացականեանը քարտուղարին փոխանցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագրի գրութիւնը՝ թարգմանուած ՄԱԿի բոլոր պաշտօնական լեզուներով՝ նշելով, որ Հռչակագիրը միտուած է ցեղասպանութեան դէմ համամարդկային պայքարի ամրապնդման ու զարգացման:
Դեսպանը բարձր գնահատած է ցեղասպանութեանց կանխարգիլման գործին մէջ ՄԱԿի եզակի դերակատարութիւնը, որպէս համամարդկային եւ բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուած միջազգային կարեւորագոյն նշանակութեան կառոյց:
Հանդիպման ընթացքին զրոյցի նիւթ կազմած են նաեւ տարածաշրջանային խընդիրներ եւ անոնց կարգաւորման հնարաւորութիւնները: Անդրադարձ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին: Պան Քի Մուն վերահաստատած է ՄԱԿի շարունակական աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս եւ անոնց առաջարկութիւններու հիման վրայ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման: