Վրաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Թամար Սանիկիձեն այցելեց Ախալցխա, որպէսզի ներկայացնէ մանկավարժական գործունէութիւն սկսելու, մասնագիտական զարգացման եւ յառաջընթացի ծրագիրը:
Նախարարը խօսեցաւ Կրթութեան նախարարութեան ապագայ ծրագրերու եւ Վրաստանի մէջ առկայ համալսարաններու նշանակութեան մասին:
Նկատի առնելով, որ տուեալ տարածաշրջանը գլխաւորաբար բնակեցուած է ազգային փոքրամասնութիւններու, առաջին հերթին՝ հայերու ներկայացուցիչներով, շեշտը դրուած է այն առաւելութիւններու վրայ, որոնք անոնց համար հասանելի պիտի ըլլան համակարգի բարեփոխման ընթացքին,- նշած են Վրաստանի ԿԳՆախարարութենէն: Մինչ այժմ հանրակրթական դպրոցներու ուսուցիչներու համար նախատեսուած չէր որակաւորման քննութիւնները մայրենի լեզուով յանձնելու հնարաւորութիւնը, ինչը կ’ազդէր անոնց մասնագիտական գործունէութեան վրայ:
Իսկ այժմ մանկավարժներու մասնագիտական զարգացման նոր քաղաքականութեան ծիրէն ներս պիտի պար- զեցուին վրացերէնի ուսուցման հնարաւորութիւնները այն տարածաշրջաններու դպրոցներու մէջ, ուր կը բնակին ազգային փոքրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի մասնագիտական վերաորակաւորում անցնիլ հարազատ լեզուով:
Նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծուին երկու լեզուներուն տիրապետող մանկավարժներու համար:
Վրաստանի ԿԳ Նախարարը Հանդիպեցաւ Ջաւախքի Մանկավարժներուն եւ Դասախօսներուն Հետ
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր