ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Վիաչեսլաւ Չիրիքպա բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք համակարգուած արտաքին քաղաքականութեան իրականացման մեքանիզմի մասին յուշագիր ստորագրած են: Լաւրով նշած է, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է «միջազգային ասպարէզին մէջ երկու երկիրներու գործողութիւններու համակարգումը»:
«Այդ խնդիրի լուծման պիտի նպաստէ այսօր ստորագրուած յուշագիրը», ըսած է Լաւրով:
Նախարարը նաեւ յայտնած է, որ Մոսկուան «քաղաքական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Աբխազիոյ»՝ անոր միջազգային դիրքերուն ամրապընդման հարցին մէջ: