Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ այս տարուայ Յունուարին 56 առ հարիւր տոկոսով նուազեցան Ռուսաստանէն Հայաստան եկող մասնաւոր դրամական փոխանցումները

Ռուսաստան վաւերացուց համաձայնագիր մը, որով Հայաստանի քաղաքացիներուն թոյլ կը տրուի առանց արձանագրուելու 30 օր մնալ Ռուսաստանի տարածքին մէջ։ Հայաստանցի մեր հայրենակիցները, որոնք նախապէս պարտաւոր էին Ռուսաստան գտնուելով մէկ ամսուայ ընթացքին տեղեկացնել գաղթականութեան ծառայութիւնները եւ հաշ- ւառուել, այժմ առանց գրանցման կրնան Ռուսաստան մնալ մինչեւ երեք ամիս։
ՄԱԿի բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի փորձագէտ Գարիկ Հայրապետեանը այդ մէկը մեծ առաւելութիւն չի համարեր,մէջբերելով փորձագէտներու կարծիքը թէ արտաքին աշխատանքի մեկնող հայրենակիցները գառունը կամ աշունը լրիւ կþօգտագործեն. այսպէս 30 կամ 90 օրուայ արտօնութեան այս օրինագիծը մեծ փոփոխութիւններ պիտի չբերէ իրենց կեցութեան պայմաններուն։  
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ այս տարուայ Յունուարին 56 առ հարիւր տոկոսով նուազեցան Ռուսաստանէն Հայաստան եկող մասնաւոր դրամական փոխանցումները։
ՄԱԿի փորձագէտը կը շեշտէ, որ այս նուազումը, ինչպէս նաեւ գաղթականական հոսքը մեծապէս պայմանաւորուած են Ռուսաստանի մէջ ստեղծուած տնտեսական իրավիճակով, նշելով որ Ռուսաստանի յատկապէս շինարարութեան բնագաւառէն ներս աշխատողներու թիւը կտրուկ նուազած է, իսկ գաղթականներու մեծ մասը հիմնական իր աշխատանքը ճիշդ այդ բնագաւառէն ներս կը գտնէր։
«Մենք պէտք է բարելաւենք մեր երկրէն ներս տիրող իրավիճակը, որպէսզի դուրսը աշխատանք գտնելու եւ երկրէն մեկնելու կարիքը նուազի։ Մեզ պէտք չէ մտահոգէ այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած օրէնսդրական այս կամ այն փոփոխութիւնը։ Եւ թէ ինչ լուծումներ կարելի է տալ այս լուրջ հարցին՝ բարդ եւ երկարաժամկէտ քննարկումներու գործընթաց է» յայտնած է ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի փորձագէտը։