Բրիտանիոյ արքայազուններ Չարլզ եւ Հարի Ապրիլ 24ին պիտի մասնակցին Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած միջոցառման. այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Թաքվիմ»ը: Անոնք Ապրիլ 24-25ին Թուրքիա պիտի գտնուին, իսկ Էլիզապէթ Բ. թագուհին պիտի մասնակցի Անգլիոյ մէջ կայանալիք՝ Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած միջոցառումներուն: Կայքը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ նոյն օրերուն, «հայկական պնդումներու հարիւրամեակին» մասնակցելու համար, Երեւան պիտի մեկնի Բրիտանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը:
Ապրիլ 24ին արքայազուններ Չարլզ եւ Հարի պիտի գտնուին Թուրքիա, իսկ պետութեան ներկայացուցիչը՝ Երեւան
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր