Պատրաստուելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին համար, Նիւ Եորքի մէջ Մարտ 10ին, կեանքի կոչուեցաւ 100 LIVES նախաձեռնութիւնը, որ կոչուած է երախտագիտութիւն արտայայտելու այն անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնց հերոսական ջանքերու շնորհիւ 100 տարի առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, փրկուեցան բազմաթիւ հայեր:
«Արմէնփրէս» տեղեկութիւնը քաղելով IDeA (Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ) հիմնադրամէն կը հաղորդէ, թէ նախաձեռնութեան նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել Ցեղասպանութեան եւ մարդոց իրաւունքներու ոտնահարման խնդիրներուն վրայ եւ ներկայացնել դրական քայլերու հզօր ազդեցութիւնը երեք ուղղութիւններով՝ դասեր քաղել անցեալէն, կոչ ընել որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած բայց դեռ անյայտ մնացած պատմութիւններ տեղադրուին 100LIVES.com կայքէջին մէջ եւ անդրադառնալ «Աուրորա» մրցանակի կայացման (Aurora Prize for Awakening Humanity), որ պիտի շնորհուի անոնց, որոնք սեփական կեանքը վտանգի ենթարկելով, հնարաւորութիւն կուտան մարդոց գոյատեւելու եւ հասնելու բարեկեցութեան ու աւելի լաւ ապագայի:
Տուեալ նախաձեռնութիւնը կը պատկանի յայտնի գործարարներ եւ բարերարներ Ռուբէն Վարդանեանի եւ Նուպար Աֆէյեանի եւ Նիւ Եորքի Քարնեկի հիմնադրամի նախագահ Վարդան Գրիգորեանի: Նպատակն է ցոյց տալ Հայոց Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը վերապրողներու եւ իրենց ընտանիքներուն վրայ, քննելով նաեւ անոնց կեանքի պայմանները, թէ ինչպէս կարողացան յառաջ երթալ եւ հասնիլ յաջողութեան՝ իրենց ներդրումը բերելով աշխարհին եւ համայն մարդկութեան: 100LIVES.com
Նիւ Եորքի մէջ ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ աշխարհահռչակ դերասան Ճորճ Քլունի, որ մաս կը կազմէ նաեւ «Աուրորա» մրցանակի ընտրական յանձնաժողովին: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց այս ծրագրին համար, նշելով թէ «պատիւ ունիմ միանալու 100 lives ծրագրին, քանի որ այն եւ իմ «Not On Our Watch» հիմնադրամի նպատակները ընդհանուր են: Երկուքն ալ կը ձգտին աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրել ցեղասպանութեան թողած ազդեցութեան վրայ եւ կը փորձեն միջոցներ յատկացնել աշխարհի մէջ զանգուածային ոճրագործութիւնները դադրեցնելու համար: Բոլորս պէտք է մտահոգուինք, որ աշխարհին մէջ մինչեւ այսօր ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին» ըսած է Քլունի, որ աւելցուցած է թէ 2016 Ապրիլ 24ին, Երեւանի մէջ ինք ներկայ պիտի ըլլայ եւ պիտի յանձնէ «Աուրորա» մրցանակը: