Կիպրացի եւրոերեսփոխան եւ օրուայ բանախօս տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս կը յայտարարէ՝
«Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը


Կիպրոսի եւ Հայաստանի հարցերով պայմանաւորուած է»

 

ՄԱԿի մէջ Հայաստանի եւ Կիպրոսի մնայուն ներկայացուցչութիւնները՝ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), Միացեալ Թագաւորութեան Հիւսիս-սկովտիական բարձրաւանդակին եւ կղզիներու համալսարանի եւ Ափրիկեան սփիւռքի կանանց ցանցին (DAWN) հետ գործակցաբար, 9 Մարտին կազմակերպած էին Սփիւռքի կիներու դերին վերաբերեալ քննարկում՝ ՄԱԿի Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 59րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ։
ՄԱԿի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութեան ընթացքին խօսք առած են Հայաստանի եւ Կիպրոսի մնայուն ներկայացուցիչները, Նիւ Եորք քաղաքի քաղաքացիական դատարանի նախկին դատաւորներէն մէկը, Հիւսիս-սկովտիական բարձրաւանդակին եւ կղզիներու համալսարանի պատմութեան դասախօսը, «DAWN»ի գործադիր տնօրէնը, ՄԱԿի Սեռային հաւասարութեան եւ կիներու յառաջխաղացման մարմինի (UN-Women) փորձագէտը եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչը: Քննարկումը կը վարէր «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիրը:
Քննարկման, որուն կը մասնակցէին մեծ թիւով անդամ պետութիւններու, ՄԱԿի տարբեր մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ընդգծուած է Սփիւռքի կիներուն բացառիկ փորձառութիւնը մշակութային, ընկերային եւ սեռային իմաստով իրենցմէ տարբեր պատկանելիութեամբ ազգերու հետ յարաբերելու տեսանկիւնէ, որուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ հասարակութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ զարգացում ապահովել: Քըննարկուած է, թէ ինչպէս հայրենիքն ու Սփիւռքի գաղութները կրնան փոխադարձաբար ազդել իրարու վրայ եւ ամրապնդել միմեանց՝ կիներու զարգացման եւ սեռային հաւասարութեան խթանման նպատակով, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է այն ուղիներուն, որոնք 2015էն ետք մշակոյթի եւ աւանդութիւններու պահպանման իմաստով կարեւոր են, եւ որոնց շարունակականութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին իգական սեռին պատկանողները։
ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Սփիւռքի կիներու անփոխարինելի դերը հայ համայնքներու վերածնունդի եւ ինքնութեան պահպանման, ապաստան գտած երկիրներու հասարակութիւններուն մէջ համարկուելու, այդ երկիրներուն իրենց նպաստը բերելու, ինչպէս նաեւ պատմական հայրենիքին հետ կապերը ամրապնդելու տեսանկիւնէն՝ նշելով, որ այդ թեման կարեւոր նշանակութիւն ունի կիներու զարգացման ու Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 59րդ նստաշրջանին համար:
Սփիւռքահայ բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած իրենց ընտանիքներուն, մայրերուն ու նախնիներուն մաքառումներուն, տոկունութեան ու հետագայ ձեռքբերումներուն։

Հայ կիներու ձեռագործներու ցուցադրութիւն ՄԱԿի մէջ

ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան ու Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) միացեալ կազմակերպութեամբ ՄԱԿի կեդրոնին մէջ 5 Մարտին կայացած է ընդունելութիւն, որով ազդարարուած է «Ասեղնագործութիւն գոյատեւելու համար» խորագիրով հայ կանանց ձեռագործ իրերու ցուցահանդէսի պաշտօնական մեկնարկը:
Ընդունելութեան ներկայ եղած են հոգեւոր դասի, ՄԱԿի անդամ պետութիւններու, տեղական ու միջազգային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն յայտնած են, որ ընդունելութեան ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանած է ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեան, որ նշած է, թէ ցուցահանդէսին միջոցով կը ներկայացուի պատմութիւնը ժողովուրդի մը, որ ճիշդ 100 տարի առաջ ենթարկուած է ոճրագործութեան, ինչ որ այն ժամանակ բնութագրուած է որպէս «յանցագործութիւն մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ»:
Ըստ Մնացականեանի՝ ուսումնասիրելով հայերուն դէմ կատարուած այդ եղեռնագործութիւնը, Ռաֆայէլ Լեմքինը երեք տասնամեակ ետք ստեղծած է «ցեղասպանութիւն» եզրը։
Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը ընդգծած է ցուցահանդէսին առանձնայատկութիւնը, քանի որ անիկա միահիւսելով «խորհրդանշականն ու իրականութիւնը», կը ներկայացնէ Եղեռնէն մազապուրծ եղած կանանց պատմութիւնը:
Ըստ դեսպանին՝ հայ կիները ապաստան գտնելով այլ երկիրներու մէջ, ի զօրու եղած են վերականգնելու իրենց կեանքը եւ վերահաստատելու իրենց ինքնութիւնը՝ յարմարելով նոր միջավայրին ու իրականութեան։
Երախտագիտութիւն յայտնելով ՀՕՄին եւ ցուցահանդէսի միւս աջակիցներուն, Մնացականեան շեշտած է, որ իր ժողովուրդը ոչ միայն կրցաւ ուժ գտնել՝ Սփիւռքի մէջ հիմնելու հզօր կառոյցներ, այլ նաեւ ի վերջոյ, ուղի հարթեց վերականգնելու իր պետականութիւնը եւ կանգնելու ՄԱԿի միւս անդամներուն կողքին:
Իր խօսքին մէջ ՀՕՄի ատենապետ Վիքի Մարաշլեան մատնանշած է ցուցահանդէսին կարեւորութիւնը կիներու կեանքի յառաջխաղացքին ու Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 59րդ նըստաշրջանի ծիրին մէջ: ՀՕՄի ատենապետը ըսած է. «Արուեստի այս գործերու ցուցադրութեամբ մենք այսօր միասնաբար հաւաքուած ենք տօնելու մեր նախնիներու, մայրերու ու կիներուն տոկունութիւնը, զարթօնքն ու ձեռքբերումները»:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական թանգարանէն բերուած հայ կիներու ձեռագործ իրերու ցուցանմոյշներ՝ 19րդ դարու վերջերէն մինչեւ մեր օրերը: