Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին, Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը կը ծրագ­րէ քննար­կում­ներ կա­տա­րել Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով. այս մա­սին գրած է գեր­մա­նա­կան «Deutsche Welle»ը:

­Կը քննար­կո­ւի այն հար­ցը, թէ ո՞վ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Գեր­մա­նիան՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ Ապ­րիլ 24ին կա­յա­նա­լիք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ժա­մա­նակ:

Հա­մա­ձայն գեր­մա­նա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան՝ կ­՛ակն­կա­լո­ւի, որ Գեր­մանիա այս գծով զսպո­ւա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րէ՝ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեամբ: Շատ հա­ւա­նա­կան կը նկա­տո­ւի, որ միայն Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նը ներ­կայ գտնուի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն, այդ ալ՝ ե­թէ Ֆ­րան­սա ներ­կա­յա­նայ նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Հո­լան­տի մա­կար­դա­կով:
­
Յօ­դո­ւա­ծին հե­ղի­նակ­նե­րը քննար­կած են նաեւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­գործ­ման հար­ցով Գեր­մա­նիոյ մեղ­քը:

Ա­նոնք նշած են, թէ պատ­մա­բան­նե­րու կար­ծի­քով՝ հա­յե­րու ար­տաքս­ման գոր­ծըն­թա­ցին գեր­մա­նա­կան կայս­րու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­ցու­ցո­ւած փաստ է:

Պատ­մա­բան Ք­րիս­թին Փ­շի­խոլց կաս­կած չու­նի, որ գեր­մա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղեակ էր Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ հա­յե­րուն նկատ­մամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող մա­հո­ւան եր­թե­րուն եւ սպա­նու­թեանց մա­սին: Պատ­մա­բա­նը վստահ է, որ գեր­մա­նա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը տե­ղեակ էին, թէ ի՛նչ կը կա­տա­րո­ւէր Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ:

Փաստ է նաեւ Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նին՝ 1915 Յու­լիս 7ի հե­ռա­գի­րը՝ ուղղո­ւած կայ­սե­րա­կան Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պե­տին. ա­նոր մէջ կը նշուի, որ թրքա­կան կայս­րու­թեան մէջ հայ ցե­ղի ոչն­չաց­ման վե­րա­բե­րեալ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շում մը գո­յու­թիւն ու­նի: